Ֆլաշինկ Միտոզի մէջ շարունակուեցաւ «Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի բաց մրցաշարքը, որ տարուան 4-րդ կրան շլեմի մրցաշարքն է:
Կիսաւարտականի զոյգերը ամբողջացան երէկ առաւօտեան ժամերուն, երբ աւարտեցան քառորդ աւարտականի 2 տղոց եւ 2 աղջկանց մրցումները:
Տղոց մրցումներուն, բրիտանացի Ճեք Տրէյփըր (թիւ 25) շարունակեց իր յաջող ելոյթները եւ դուրս ձգեց թիւ 10 աւստրալիացի թենիսմեն Ալեքս Տը Մինաորը` 6-3, 7-5 եւ 6-0 արդիւնքով:
Տէյփըր կիսաւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ թիւ 1 թենիսմեն իտալացի Եաննիք Սինըրը, որ կրցաւ դուրս ձգել ռուս Տանիլ Մետվետեւը` 6-2, 1-6, 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով:
Աղջկանց մրցումներուն մեծ անակնկալ ստեղծուեցաւ, երբ ամերիկացի Ճեսիքա Փեկուլա (թիւ 6) 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց թիւ 1 թենիսվումըն Իկա Շվիանթեքը (Լեհաստան):
Փեկուլա կիսաւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ չեխ Քարոլինա Մուչովան (թիւ 52), որ դուրս ձգեց պրազիլցի Պեաթրիս Հատտատ Մայան` 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով:
Երկու մրցակիցներն ալ անցեալ տարի հասած էին կիսաւարտական եւ պարտութիւններ կրած անցեալ տարուան աւարտական հասած Քոքօ Կաֆէն եւ Արինա Սապալենքայէն: