Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Այսրյորդանանը բռնագրաւումին կցող քարտէսի մը օգտագործումը անոր կառավարութեան օրակարգերուն իրականութիւնը կը պահանջէ»:
Նախարարութիւնը «երկու պետութիւններ» լուծումը պաշտպանելու համար շտապ միջազգային շարժումի մեկնարկ մը պահանջեց:
Նեթանիահու երկուշաբթի օր Կազայի եւ Եգիպտոսի սահմանին վրայ Ֆիլատելֆիա միջանցքին իսրայէլեան բանակի վերահսկողութեան կարեւորութեան վերաբերեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին օգտագործած էր քարտէս մը, որուն վրայ Այսրյորդանանի որեւէ ակնարկի բացակայութիւնը ուշագրաւ էր:
Այդ քարտէսը երեւան եկաւ, մինչ իսրայէլեան բանակը Այսրյորդանանի դէմ 2002 թուականէն ի վեր մեծագոյն գործողութիւնը կը շղթայազերծէ` թիրախաւորելով Ժենին եւ Թուլքարմ քաղաքները:
Իսրայէլեան «Իսրայէլ հայոմ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց. Իսրայէլեան ապահովական կառոյցը վերջին գործողութիւններէն ետք որոշեց Այսրյորդանանը նկատել մարտական գօտի»: