Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտալլա. «Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքը Կը Շարունակէ Դէպի Ներքին Կարգաւորում Մղել»

Սեպտեմբեր 4, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Պիլալ Ապտալլա «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանին օգնելու միջազգային ջանքերէն շնորհակալ ենք, սակայն կարեւորը այն է, որ լիբանանցիները համոզուին իրենք իրենց օգնելու եւ միասնաբար դէպի կարգաւորում ուղղուելու»:

«Վերջերս արտայայտուած կեցուածքները յոյս կու տան, որ կարգաւորումը մօտալուտ է, որովհետեւ նախագահի ընտրութեան համար պէտք եղած երկխօսութիւնը մինչեւ հիմա ընթացք չառաւ», ըսաւ Ապտալլա:

Ան յայտնեց, որ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը կը զօրակցի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհրդակցութեան նախաձեռնութեան եւ միեւնոյն ժամանակ կը հասկնայ ընտրութենէն առաջ խորհրդակցութիւն կատարելու նկատմամբ ընդդիմութեան մտավախութիւնները:

«Պէտք է միասնաբար նստինք խօսելու եւ նախագահ ընտրելու համար, որովհետեւ Լիբանանը այլեւս սահմանադրական կառոյցներու բացակայութեան չի տոկար, մանաւանդ որ կը գտնուինք զինուորական, արդարադատական եւ այլ կառոյցներու մէջ հրատապ ու վտանգաւոր գործընթացներու դէմ յանդիման», նշեց երեսփոխանը:

«Մենք` իբրեւ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոք, պիտի շարունակենք փորձել տեսակէտները իրարու մօտեցնել եւ դէպի ներքին կարգաւորում մղել», ըսաւ Ապտալլա:

Ան Լիբանանի ներքին կացութիւնը շրջանին մէջ ընթացող պատերազմին կապելը «սխալ» որակեց` նշելով. «Լիբանան դատապարտուած է ներքին կարգաւորման, ինչ որ ալ ըլլան շրջանային պատերազմին արդիւնքները»:

Անդրադառնալով պետական վարժարաններու աշակերտներէն 50 տոլար գանձելու հարցին` Ապտալլա նշեց, որ կը հասկնայ «գումարներու սակաւութենէ տառապող պետական վարժարաններու գոյատեւման նկատմամբ նախանձախնդիր» կրթութեան նախարարի քայլը, «սակայն գումարները պետութենէն պէտք է գան եւ ոչ թէ հանրութենէն»:

Ան յոյս յայտնեց, որ կրթութեան նախարարը «կրթութեան ձրիութիւնը պաշտպանելու համար» ետդարձ կը կատարէ այդ քայլէն:

 

 

 

Նախորդը

Լիբեանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մաուլաուի. «Գաղթականներու Հարցերու Բարձրագոյն Յանձնակատարութիւնը Սուրիացիներուն Լիբանանէն Դուրս Գալը Կը Մերժէ Եւ Կառավարութեան Չ՛ընդառաջեր»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?