Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դասագրքային Տագնապ Մը` Հայեւռուս Յարաբերութիւններուն Մէջ

Օգոստոս 27, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Դասագրքային տագնապ մը եկաւ առաւել լարելու հայեւռուս արդէն վատթարացած յարաբերութիւնները: Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ութերորդ դասարանի համար պատրաստուած եւ գործածուող Հայոց պատմութեան դասագիրքին մէջ գործածուած է

«Արեւելեան Հայաստանի բռնակցումը Ռուսաստանին» ձեւակերպումը, որ ռուսերուն զայրոյթ պատճառած է այնքան մը, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը արտայայտած է իր վրդովմունքը եւ բողոքը` գործածուած «բռնակցում» բառին դէմ:

Հարցը կը վերաբերի 19-րդ դարու սկիզբը Գիւլիստանի եւ Թիւրքմենչայի համաձայնագրերով Արեւելեան Հայաստանի կարգ մը գաւառներու Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ անցման, որ իբրեւ բռնակցում ներկայացուած է: Ռուսերը կը մերժեն բռնակցում բառը: Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ` «Պատմութիւնը վերաշարադրելու անամօթ եւ ընդհանուր անցեալը խեղաթիւրող աննրբանկատ փորձ մըն է կատարուածը»: Դիւանագիտական բառապաշարին մէջ «անամօթ» եւ «աննրբանկատ» բառերը ընդհանրապէս կ՛ընդունուին բաւական սուր տագնապ մը նկարագրող բառեր, որոնք կ՛ահազանգեն լուրջ տարակարծութիւններու եւ բողոքի առկայութիւնը: «Կասկածի տակ առնել Ռուսական կայսրութեան, հետագային ալ Խորհրդային Միութեան եւ Ռուսիոյ յատուկ դերը ներկայի Հայաստանի ձեւաւորման գործին մէջ, կը նշանակէ ընդդիմանալ ընդհանուր առմամբ հանրածանօթ բոլոր փաստերուն: Խօսքը մեր ընդհանուր պատմութիւնը վերաշարադրելու հերթական անամօթ փորձի մը մասին է», նշեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը` յուսալով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները չեն արտօներ, որ այդ բովանդակութեամբ Հայոց պատմութեան դասագիրք մը գործածուի Հայաստանի դպրոցներուն մէջ: Իր կարգին, Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Կոպերքին դասագիրքը համարեց պատմութեան վերաշարադրման փորձ մը:

Հայեւռուս յարաբերութիւններու առաւել սրում պատճառող Հայոց պատմութեան դասագիրքի տագնապը լուծելու յստակ միտում տեսնուեցաւ Հայաստանի կրթութեան  եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ, որովհետեւ ռուսական յայտարարութեան հրապարակումէն ժամեր ետք յայտարարուեցաւ, որ ձեւակերպումը հանուած է, եւ խնդրոյ առարկայ բաժինը վերախմբագրուած է: Ըստ նախարարութեան հանրակրթութեան վարչութեան պետ Թամարա Սարգսեանի, «բռնակցում» բառը ջնջուած է, եւ կրթական նոր շրջանին վերախմբագրուած դասագիրքին օրինակները պիտի բաշխուին աշակերտներուն: Առարկայական վերախմբագրում կատարուած է, ըստ կրթութեան համապատասխան մարմիններուն, այն բաժնին, ուր  նշուած է, թէ Օշականի հերոսամարտէն ամիսներ ետք կնքուեցաւ Թիւրքմենչայի համաձայնագիրը, որուն համաձայն, Պարսկաստանէն Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ անցան Երեւանի եւ Նախիջեւանի խանութիւնները, ինչպէս նաեւ` Օրտուպատի գաւառը: Այս բաժնին ենթախորագիրը կարդացողը կ՛ունենայ այն տպաւորութիւնը, թէ երկու խանութիւններն ու գաւառը բռնակցուած են Ռուսաստանի:

Ներկայիս, երբ կը շարունակուի Ռուսիա- Ուքրանիա պատերազմը, որուն ընթացքին ռուսերուն կողմէ վերահսկողութիւն հաստատուեցաւ Խրիմի վրայ, Ռուսիոյ պետական, քաղաքական եւ ակադեմական թէ հասարակական շրջանակներուն մէջ «բռնակցում» բառը որոշակի ալեկոծում կը պատճառէ: Այս բովանդակութեան մէջ ալ հայկական դասագիրքին մէջ գործածուելով` բառը յստակ բողոքի ալիք բարձրացուցած է Ռուսիոյ մէջ, ուր արդէն որոշ մտահոգութիւններ գոյութիւն ունին, թէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը կը թեքի դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւն` հրաժարելով, կամ գէթ սառեցնելով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմավարական գործակցութեան բոլոր շերտերը:

Հայեւռուսական յարաբերութիւնները բնականաբար կ՛ազդուին տարբեր եւ բազմաթիւ ազդակներէ, որոնք կ՛արձանագրուին թէ՛ Երեւան- Մոսկուա յարաբերութիւններուն մէջ եւ թէ՛ Հարաւային Կովկասի ընդհանուր իրավիճակին մէջ, ուր հայկական շահերու ապահովման պատրուակով Երեւանի իշխանութիւնները արտաքին քաղաքականութեան արեւելումի մէջ յստակ շրջադարձ մը կատարելով` այսօրուան դրութեամբ կը յարին Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան: Այս թեքումը բնականաբար ոչ միայն Ռուսիոյ, այլեւ Իրանի եւս որոշ անհանգստութիւններ կը պատճառէ եւ կրնայ իր ազդեցութիւնները ձգել Երեւան-Մոսկուա եւ Երեւան-Թեհրան յարաբերութիւններուն յառաջիկայ հոլովոյթին վրայ: Դասագիրքի մը մէջ գործածուած «բռնակցում» բառը պատճառաբանութիւն մըն է ռուսական դժգոհութիւնները շեշտակիօրէն արծարծելու արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակով: Ստեղծուած իրավիճակը եւ ներկայացուած ռուսական դժգոհութիւնը նկատի ունենալով` Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան որոշումով, «բռնակցում» բառը ճիշդ է, որ ջնջուեցաւ ենթախորագրին մէջէն, սակայն հարցումը, որ ինքզինք կը պարտադրէ, այն է, թէ ռուսերը որքա՞ն ձեռնածալ պիտի հետեւին Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ կիրարկուող արտաքին քաղաքականութեան եւ ե՞րբ հակաքայլի պիտի սկսին դիմել, որպէսզի «անուղղան» վերադարձնեն նախկին եւ աւանդական գիծին:

 

 

Նախորդը

Հայ Գիրքին Սպառնացող Վտանգը

Յաջորդը

Սվեն Կորան Էրիքսըն Ոչ Եւս Է

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?