ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Տպագրութեան գիւտը տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Մոգունտիա (Mainz) քաղաքին մէջ, 1455-ին, Յովհաննէս Կիւթենպերկ անունով մէկու մը կողմէ: Այդ թուականէն 57 տարի ետք` 1512-ին, հրատարակուեցաւ հայերէն «Ուրբաթագիրք» վերտառութեամբ գիրքը` իբրեւ հայերէն առաջին տպագիր գիրք: Տպագրութեան պատմութեան մէջ բազմաթիւ ազգերու շարքին, հայ ժողովուրդը ժամանակագրական կարգով 15-րդ տեղը կը գրաւէ: Մեզի պէս փոքր ազգի մը համար ասիկա նշանակալից եւ պատուաբեր իրողութիւն մըն է:
Վստահ չենք, թէ ասիկա նաեւ ցուցանիշ մըն է մեր ժողովուրդի գրասիրութեան եւ ընթերցասիրութեան: Գուցէ անցեալին մէջ այդպէս էր պարագան: Բայց ներկայիս չենք կրնար յաւակնիլ, թէ մենք իրօք գրասէր ժողովուրդ ենք: Վերջին քանի մը տասնամեակներու հայ գիրքին վիճակուած ճակատագիրը շատ յուսադրական պատկեր մը չի ներկայացներ:
Ասկէ քանի մը տարի առաջ մեր մտաւորականներէն մին` Յովսէփ Նալպանտեան, «Հայ գիրք կարդալը եւ մենք» վերտառութեամբ յօդուածի մը մէջ ցաւով կը հաստատէր, որ սփիւռքի տարածքին վերջին 30 տարիներու ընթացքին հայ գիրքի տպաքանակը եղած է 200-500: Շատ քիչ թիւով գիրքեր միայն տպագրուած են 1000 եւ կամ աւելի տպաքանակով: Ան կ՛աւելցնէր նաեւ, որ նոյնն է իրավիճակը Հայաստանի մէջ: Որակաւոր գիրքերէն շատեր միայն 100-300 օրինակով կը սպառին:
Եթէ այս տուեալները ճիշդ են, եւ պատճառ չունինք տարակուսելու անոնց ճշգրտութեան` հիմնուած մեր անձնական նշմարներուն եւ այլ մտաւորականներու վկայութեանց վրայ, այն ատեն հայ գիրքին վիճակուած ներկայ տագնապը լրջօրէն մտահոգելու է ամէն սրտցաւ հայ:
Դժբախտաբար շատերու համար հայ գիրքը աւելորդ պերճանք է: Առանց արժէքի եւ նախասիրութեանց հարց յուզելու` «ընթերցող» որեւէ հասարակութիւն առօրեայ պահանջը պէտք է ունենայ հաղորդուելու մտքի եւ գրչի տէր մարդոց գործին հետ: Ընթերցումի եւ հաղորդութեան պակասը մեծապէս զգալի է:
Մինչ փոքրամասնութիւն մը իր գերագոյն զոհաբերումը կ՛ընէ` ի խնդիր հայ գրականութեան, մշակոյթի եւ արուեստի պահպանման, անտարբերներու եւ ինքնագոհներու ջախջախիչ մեծամասնութիւն մը անյո՜յս կը նկատէ մշակոյթի պահպանման ամէն ճիգ եւ տքնութիւն:
Կազմակերպութիւններու կողմէ թէ անհատական նախաձեռնութեամբ հրապարակութիւններ կարելի ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն` հայ մարդիկ մղելու ընթերցասիրութեան եւ գրասիրութեան, բայց դժբախտաբար պէտք եղած յաջողութիւնը ձեռք չեն կրնար ձգել: Անցեալին եթէ հինգ հարիւրէն մինչեւ հազարի կը հասնէր հայ գիրքի գնորդներուն թիւը, այսօր ատոր կէսին անգամ չի հասնիր:
Մտածա՞ծ էք երբեք, թէ ինչո՛ւ հայ գիրքի մը շնորհահանդէսի մը մատի վրայ համրուող ներկաներ կը գտնուին, մինչ պարահանդէսներու եւ էսդրատային երգերու համար խճողուած են մեր սրահները: Հայ մարդիկ առանց տատամսումի` շռայլութեամբ մեծաքանակ գումարներ կը մսխեն հաճոյքի, ժամանցի, հաւաքոյթներու եւ հիւրասիրութիւններու համար, բայց դժկամութիւն ցոյց կու տան հայ գիրք մը գնելու համար:
Այնքան ատեն որ հայ մարդը հայ գիրքի պահանջ, մտաւոր եւ հոգեկան ծարաւ չունի, իր մշակոյթով, գիրով եւ գրականութեամբ հետաքրքրուելու եւ հաղորդուելու կարիքը չի զգար, մեր գրականութեան անդաստանը դատապարտուած է խոպան մնալու:
Գրական ամէն ստեղծագործութիւն, ամէն տաղանդ եւ արժէք կը կարօտին ճանաչման, գնահատանքի, ժողովրդային զանգուածներու բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան:
Եթէ հայ զանգուածները կշռեն եւ գնահատեն հայ գիրքին կենսական նշանակութիւնը հայ մարդուն, հայ ընտանիքին եւ հայութեան համար, գուցէ հայ գրականութեան եւ մշակոյթի վրայ մնացողներ փոխանակ տառապելու արեան եւ աւիշի պակասէն` աւելի մեծ քանակով եւ որակով գործեր պիտի ստեղծագործեն:
Տիրող ներկայ պայմաններուն մէջ կրնա՞նք ակնկալել, որ ոեւէ անհատ կամ կազմակերպութիւն քաջութիւն ցոյց տայ հայ գիրքի հրատարակութեան, տարածման եւ սպառման աշխատանքին լծուելու: Ուրեմն զարմանալու չենք, երբ տեսնենք հայ մշակոյթի, գիրի եւ գրականութեան բնագաւառի մէջ վարուցանի տրամադիր տաղանդներու համրանքը օրէ օր կը նօսրանայ:
Բարեբախտաբար կան տակաւին գիրի եւ գրականութեան անզուգական դերին սակաւաթիւ հաւատացողներ, որոնք ի հեճուկս ամէն տեսակի դժուարութեանց` յամառօրէն կը ստեղծագործեն եւ լոյս կ՛ընծայեն նորանոր աշխատութիւններ: Այս չակերտաւոր «խենթ»-երն են, որ Ս. Մեսրոպի սրբազան աւանդը վճռած են շարունակել աներեր` հոսանքն ի վեր թիավարելով:
Յամենայն դէպս հայ գիրքի գոյութեան սպառնացող լուրջ վտանգ մը կայ: Վտանգը ներքուստ է առաւելաբար: Արտաքին ազդակներ կրնան իրենց ժխտական դերը ունենալ, բայց թշնամին ներսէն կը սպառնայ գրաւել դարերու ընթացքին անառիկ մնացած հայ գիրքի «բերդ»-ը: Եթէ հայութիւնը շարունակէ ապրիլ հայ գիրքին հանդէպ իր ներկայ վարքագիծով, մեր մշակութային վայրէջքը անխուսափելի է…
Կը սիրենք յուսալ, որ այս հպանցիկ, բայց վրդովիչ նշումները սթափումի եւ զգաստութեան հրաւէր մը ըլլան հայ հասարակութեան: Կը բաւէ սին պատրանքներով օրօրուիլ եւ պարծենալ, թէ մենք մշակութասէ՜ր եւ ընթերցասէ՜ր ժողովուրդ ենք: Շրթունքի ծառայութենէն անդին` գործնական քայլեր առնե՛նք: Տէ՛ր ըլլանք մեր անփոխարինելի ժառանգութիւն եղող հայ գիրին եւ գրականութեան, նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ ըլլանք հայ գիրքին եւ մշակոյթի մեր նուիրեալներուն, սիրե՛նք, կարդա՛նք եւ տարածե՛նք հայ գիրքը: