Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կեդրոնական Կովկասի Աշխարհաքաղաքականութիւնը». Ի՞նչ Կը Մտածէ Վրացի Մասնագէտը

Օգոստոս 27, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Այս է խորագիրը «Ճիոփոլիթիքըլ Մոնիթըր»-ի Վրաստանի խորհրդարանի միջազգային յարաբերութեանց բաժանմունքի գլխաւոր մասնագէտ Նաթալի Թաւածէի 22 ապրիլ 2024-ի յօդուածին, որ ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ կարգ մը նկատողութիւններով* (1):

1. Հետաքրքրական է, որ յօդուածին այս քարտէսը 1835-ի Կովկասի քարտէսէն հատուած մըն է, ուր Արեւմտահայաստանը նշուած է (2):

«Տարիներ շարունակ Վրաստանի եւ Ամերիկայի անգլերէնով համանուն նահանգներէն մէկուն (Georgia) միջեւ խառնաշփոթէն խուսափելու համար միջազգային լրատուամիջոցները առաջինին յետխորհրդային հպատակ կ՛անուանէին: Կը թուէր, թէ միայն 2008-ի վրաց-ռուսական պատերազմին պատճառով (երբ ամերիկացիները վերջապէս վստահ եղան, որ այդ մէկը իրենց նահանգներէն մէկուն վրայ յարձակում մը չէր) երկիրը համաշխարհային ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուեցաւ:

«Մեր օրերուն Վրաստանը, իր անմիջական դրացիներուն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կողքին (միասնաբար կազմելով Կեդրոնական Կովկասը), ուշադրութիւնը կը գրաւէ, այսպէս կոչուած, Միջին միջանցքին TITR-ին (Trans-Caspian International Transport Route, որ կը սկսի հարաւարեւելեան Ասիայէն եւ Չինաստանէն` անցնելով Ղազախստանէն, Կասպից ծովէն եւ Ազրպէյճանէն*) մէջ իր դերին պատճառով: Սակայն շատերու ուշադրութենէն կը վրիպի, որ շրջանը արդէն իսկ ստացած էր երեք տարբեր աշխարհաքաղաքական դերեր` շնորհիւ իր դիրքին. 1) Տնտեսական փոխազդեցութիւններու կամուրջ, 2) Եւրոպայի, Ռուսիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի միջեւ թափարգել (buffer), ու 3) Տարբեր քաղաքակրթութիւններու սահման:

«Պատճառներ կային, թէ ինչո՞ւ շատերուն ուշադրութենէն վրիպած էր այս, սակայն, առաջին հերթին, տարածքին քարտէսը պէտք է մտաբերել: Կեդրոնական (հարաւայի՞ն*) Կովկասը, որ կը բաղկանայ Վրաստանէն, Հայաստանէն եւ Ազրպէյճանէն, պատմականօրէն կառուցուած, քաղաքական բարդ համաձայնութիւն մըն է Սեւ եւ Կասպից ծովերուն միջեւ, որ կը մարմնաւորէ դարերու ընթացքին հիւսուած աշխարհաքաղաքական որմագորգ մը` մշակութային, ցեղային, լեզուական եւ կրօնական բազմազանութեամբ:

«Ինչպէս կը բացատրէ ամերիկացի յայտնի աշխարհագրագէտ Սոլ Պեռնար Քոհեն (1925 – 2021), աշխարհաքաղաքական խօսոյթին մէջ իրականութիւնը հաստատուն է. «Աշխարհաքաղաքականութիւնը իր ժամանակին արդիւնքն է»: Իւրաքանչիւր պատմական ժամանակաշրջան ստեղծած է աշխարհաքաղաքական նախատիպ մը, որուն ոսպնեակէն կարելի է մեկնաբանել աշխարհի քարտէսը եւ այդ ժամանակաշրջանին աշխարհակարգը: 19-20-րդ դարերու կայսերական աշխարհաքաղաքական գրութիւններուն մէջ, երբ պետութեան գերազանցութիւնը կը կայանար անոր ծովային հզօրութեան եւ կամ լայնատարած ներքնագաւառին (Ռուսական կայսրութեան, իսկ հետագային` Խորհրդային Միութեան կողմէ կառավարուող տարածքին) տիրապետութեան մէջ, Կեդրոնական Կովկասին հեռաւորութիւնը անկլօ-ամերիկեան տարածութենէն, յանգեցուց շրջանին մասին քիչ, կամ ոչ մէկ յիշատակումի:

«Մինչ Կեդրոնական Կովկասի ռազմավարական դիրքը ժամանակաւորապէս կայսերական գրողներու ուշադրութենէն վրիպած էր, պատմականօրէն տարածաշրջանը աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն ունէր արեւելեան երեք մեծ պետութիւններուն` Պարսկական կայսրութեան, Օսմանեան կայսրութեան եւ Ռուսական կայսրութեան համար: Արդէն 1800-ականներուն սկիզբը շրջանը կը ծառայէր իբրեւ թափարգել գօտի` ուղղափառ քրիստոնէութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի իսլամներուն միջեւ:

«16-րդ դարու Ռուսիոյ ընդլայնումը դէպի Կովկաս լրացուցիչ տնտեսական նկատառումներ կը պարունակէր, որոնք բացայայտ էին Անդրկասպեան երկաթուղիին նման ծրագիրներով, որոնք Կեդրոնական Ասիա մուտքը եւ կասպեան քարիւղի մատակարարումներուն հսկողութիւնը կը դիւրացնէին: Իր աշխարհագրական առաւելութիւններուն կողքին, Կեդրոնական Կովկասը բարենպաստ էր իր բնական պաշարներով: Բացի քարիւղէն` շրջանը հարուստ է պղինձի հանքերով: Հանքանիւթերը ներգրաւեցին նաեւ օտար ներդրողները, եւ 1870-ի դրութեամբ (անգլիական*) «Ռոչիլտ»-ը եւ «Շէլ»-ը քարիւղ կ՛արտահանէին, իսկ (գերմանական*) «Սիմընզ»ը` պղինձ:

«Բ. համաշխարհային պատերազմէն ետք քաղաքական պատկերը փոխուեցաւ, եւ ի յայտ եկաւ միջազգային նոր համակարգ մը, ուր բազմաբեւեռը զիջեցաւ երկբեւեռին: Պաղ պատերազմի ժամանակ աշխարհաքաղաքականութիւնը կապուած էր այն ժամանակուան երկու առաջատար գաղափարախօսութիւններուն` համայնավարութեան եւ արեւմտեան ժողովրդավարութեան հետ. այսպիսով, աշխարհաքաղաքական գործիչները հիմնականին մէջ զբաղած էին Արեւմուտքի եւ Արեւելքի երկու հատուածներուն մրցակցութեամբ:

«Երբ Խորհրդային Միութիւնը իր իշխանութիւնը հաստատեց Կեդրոնական Կովկասի պետութիւններուն վրայ, շրջանը անգամ մը եւս օտարոտի դարձաւ, միջազգային դիտորդներու շահերուն ենթակայ, եւ ականատես դարձաւ իր աշխարհաքաղաքական դերին` իբրեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային առեւտրային ուղիներու կամուրջ, որ ցարդ սահմանափակուած էր համայնավար Ռուսիոյ հետ, Եւրոպայի հարաւարեւելեան ծայրամասին եւ Մերձաւոր Արեւելքի սպասարկման համար:

«Սակայն 1980-ականներուն «փոփոխութեան քամիները» կը փչէին երկաթէ վարագոյրէն ներս, եւ Միխայիլ Կորպաչովի թափանցիկութեան` «Կլասնոսթ» եւ վերակազմակերպումի` «Փերեսթրոյքա» քաղաքականութեան հետ, Պաղ պատերազմը իր տրամաբանական աւարտին կը մօտենար, որ զիջումն էր նոր աշխարհակարգին: Միաժամանակ աշխարհաքաղաքական հայեցակարգերը թարմացան` հասկնալու համար նոր աշխարհի քարտէսը, եւ թէ` դէպի ո՛ւր շարժած էին աշխարհաքաղաքական առանցքները, որոնք ակադեմական հասկացողութեամբ յայտնի դարձան իբրեւ Նոր համաշխարհային համակարգ` New World Order:

«Մինչ ոմանք կը ցնծային արեւմտեան գաղափարախօսութեան յաղթանակով, միւսները կը յօրինէին «Երկրատնտեսութիւն» (Geoeconomics) նորաբանութիւնը` բացատրելու համար տնտեսագիտութեան էական ներթափանցումը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ: Սամուէլ Հանթինկթընի (1927-2008 ամերիկացի, քաղաքական գիտնական, 1996-ին հեղինակը «Քաղաքակրթութիւններու բախում» գիրքին եւ այլ գիրքերու*) «Նոր աշխարհ»-ին մասին տեսութիւնը հիմնովին տարբեր էր: Ան ընդգծեց մշակութային տարբերութիւնները` իբրեւ ինքնութեան եւ հակամարտութիւններու գլխաւոր պատճառ` նախատեսելով, որ ազգերը մշակութային հիմքերու, այլ, ոչ թէ գաղափարական կամ տնտեսական պատճառներով պիտի ճակատին տեղական եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ: Հանթինկթըն մատնանշեց բախումի քանի մը գօտիներ, ներառեալ` Պալքանները, Կովկասը եւ Մերձաւոր Արեւելքը, իբրեւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ բախումներու հաւանական շրջաններ (բոլորը անքաղաքակիրթ խուժան` օսմանեան պատուհասին զոհերը*):

«Այժմ, ի լրումն իր աշխարհագրականօրէն որոշուած ռազմավարական պաշտօնին, իբրեւ թափարգել եւ կամուրջ երկու առանցքներու վրայ` Արեւելք-Արեւմուտք եւ Հիւսիս-Հարաւ, տարածաշրջանի ազգային-կրօնական խճանկարը յայտնուած է նաեւ աշխարհաքաղաքական եւ միջազգային դերակատարներու ուշադրութեան կեդրոնը: Աշխարհագրութեամբ հաստատուած ուղղափառ եւ իսլամական քաղաքակրթութիւններու միջեւ` տարածաշրջանը զարգացուցած է տարբեր ազգային-կրօնական խճանկար մը: Հակառակ կրօնական տարբերութիւններուն` կրօնական հանդուրժողականութեան օրինակներ կարելի է գտնել այնպիսի քաղաքներու մէջ, ինչպիսիք են Դերբենդը (Տաղստան) եւ Թիֆլիսը (Վրաստան):

«Առաւել եւս կը շեշտուի սովորութիւններու դերը, որ Կովկասի մէջ «ատաթ» կը կոչուի (արաբերէն` ?????*): Կը շեշտուի, որ տարածաշրջանի սովորութիւնները (կամ ատաթները) աւելի ուժեղ են, քան` դաւանանքները, եւ նոյնիսկ կը գերազանցեն վերջինները: Սովորութիւններու վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները, տարբեր կրօնի ժողովուրդներուն միջեւ, նպաստեցին անոնց խաղաղ գոյակցութեան, հանդուրժողականութեան եւ փոխըմբռնումին: Խաղաղ համակեցութեան պատմական նախադրեալն ու տարբեր կրօններու եւ ազգերու միջեւ կովկասեան սովորոյթներու վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու իւրայատուկ փորձը հիմքը կը կազմեն կովկասեան ժողովուրդներուն միջեւ ներդաշնակ յարաբերութիւններուն»:

Այստեղ պէտք է ընդմիջեմ Թաւածէի այս հարեւանցի ընդհանրացումին դէմ: Իր, այսպէս կոչած, «կովկասեան ժողովուրդներուն միջեւ ներդաշնակ յարաբերութիւններուն»-ը հաւանաբար կը վերաբերի մի՛այն խորհրդային եւ որոշ չափով ալ ցարական Ռուսիոյ լուծին տակ, հպատակ` պարտադրուա՛ծ ժամանակաշրջանին: Որմէ առաջ ալ արդէն Ազրպէյճան գոյութիւն ունեցած չէր:

Ռուսական ազդեցութիւնը

«Խորհրդային Միութեան փլուզումը, սակայն, չէր նշանակեր Պաղ պատերազմին դրդապատճառին աւարտ: Ռուսիան` իբրեւ Խորհրդային Միութեան ժառանգորդը, ակնկալուած ժողովրդավարացման յոյսերը հիասթափեցնելէ ետք, տակաւին ուժ մը կը համարուէր, որուն ազդեցութիւնը պէտք էր զսպել: Զպիկնիւ Պրեժինսքին (Zbigniew Brzezinski, 1928-2017, լեհ-ամերիկացի, քաղաքական գիտնական, Ամերիկայի ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար*), ինչպէս նաեւ իր ժամանակակիցներէն շատերը ու իրենց նախորդողները կ՛ենթադրէին, որ Ռուսիան Պաղ պատերազմէն ետք պատմութեան մէկ պահուն, կամաւոր կամ` ոչ, կ՛ընտրէ Արեւմուտքի զարգացման ուղին, յոյս մը, որ ցարդ չիրականացաւ:

«Պատճառները կարելի է գտնել համաշխարհային համակարգի մասին ռուսական ըմբռնումին մէջ, որ անզգուշաբար անտեսուած է արեւմտեան մասնագէտներուն կողմէ, որ սակայն յստակ կերպով դրսեւորուած է ռուսական աշխարհաքաղաքական դպրոցին մէջ` եւրասիականութեամբ: Ռուսական աշխարհաքաղաքականութեան զարգացման բոլոր կարեւոր ներդրողները (Nikolai Trubetzkoy, Peter Savitsky, Lev Gumilev, Aleksandr Dugin) ընդգծած են Եւրասիոյ յստակ մշակութային-աշխարհագրական եւ ընկերային-պատմական իւրայատուկ կերպարը ու մերժած` մարդկութեան մշակութային եւ պատմական զարգացման արեւմտեան համընդհանուր գաղափարները: Անոնք կը հաւատային, որ Ռուսիոյ առաքելութիւնն է միաւորել Եւրասիան եւ պահպանել այդ միասնութիւնը, պնդելով, որ եւրասիական ժողովուրդին ճակատագիրն է, որ պէտք է համաձայնեցուի:

«Կարեւոր է հասկնալ, որ եւրասիականութիւնը եւ Կովկասի նկատմամբ Մոսկուայի մօտեցումները իրարու կը համապատասխանեն: Այս առումով, Կեդրոնական Կովկասը կը համարուի Ռուսիոյ տան ետեւի բակը: Վրաստանը, Ազրպէյճանը եւ Հայաստանն ու Սեւ եւ Կասպից ծովերը Ռուսիոյ համար ռազմավարական գոյացութիւններ են: Ան այս տարածաշրջանին գերիշխելուն մէջ վճռական է եւ կ՛օգտագործէ «ցեղային խաղաքարտը»` Կեդրոնական Կովկասի երկիրները հաւասարակշռութենէ դուրս պահելու համար: Ռուսական տեսանկիւնէն, որեւէ արտաքին ազդեցութիւն իր «քովի արտերկրին մէջ», կը դիտուի իր ազգային անվտանգութեան պրիսմակով: Նման սպառնալիքները ամէն ձեւով պէտք է խափանուին, քանի որ Մոսկուան անգամէ մը աւելի հասկցուցած է, որ իր գերագոյն աշխարհաքաղաքական շահերէն բխող տարածքներ զիջելու մասին երբե՛ք չի մտածեր:

«Իբրեւ Խորհրդային Միութեան իրաւայաջորդը` Ռուսիան, ամենածանր կորուստները ունեցաւ` տարածքային, բնական պաշարի, ազդեցութեան գօտիի, տնտեսութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային հեղինակութեան առումով: Անոր սահմանները ետ մղուեցան արեւմուտքէն, հարաւէն եւ արեւելքէն: Կրակին վրայ իւղ թափելու համար, Կեդրոնական Կովկասի պետութիւններուն հեռանալը ռուսական ազդեցութենէն թէ՛ Վրաստանի, թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ ալ Ազրպէյճանի ազգայնական մտածողութեամբ քաղաքական աւագանիով, ամրապնդեցին Ռուսիոյ արմատացած մտավախութիւնները` տարածաշրջանին մէջ ազդեցութեան համար Թուրքիոյ հետ մրցակցութեան վերածնունդը:

«Յայտնի եւրասիական մտածող Ալեքսանտր Ս. Փանարինը կը պնդէր, որ` «Աշխարհաքաղաքական զիջումները, որոնք յետխորհրդային Ռուսիան Արեւմուտքին կատարեց, առաւելագոյնն է, որ Ռուսիան երբեք կը զիջի: Արեւմտեան որեւէ յարձակում` ՕԹԱՆ-ի հետագայ ընդլայնման տեսքով, կամ ուքրանական, վրացական, ազրպէյճանական կամ միջինասիական «խաղաքարտերով» խաղալով, կը նշանակէ, որ Ռուսիոյ կողմէ վերոնշեալ զիջումները պիտի նմանին Միւնիխի մէջ Հիթլերին տրուած զիջումներուն» (երբ Խորհրդային Միութիւնը պատերազմէ խուսափելու համար արեւելեան Եւրոպայէն անտեղի, անօգուտ զիջումներ կատարեց*)»:

Այստեղ զարմանալի է, որ Հայաստանը նշուած չէ, այլ` Ազրպէյճանը: Ինչո՞ւ… Վրաստանը արդէն հեռացած է ռուսական գօտիէն եւ այժմ կը փորձէ վերադառնալ, իսկ Հայաստանը բացայայտօրէն հեռանալու ուղղութեան մէջ է… արդեօք հեղինակը չի՞ հաւատար, որ Հայաստանի այս իշխանութիւնը պիտի յաջողի հեռանալ, թէ՞…

«Ռուսիոյ համար Կովկասին տիրելը նաեւ կը նշանակէ աւելի մօտ ըլլալ Միջերկրական եւ Պալգանեան տարածաշրջաններուն: Կայսերապաշտ մտածող որոշ քաղաքական գործիչներ, օրինակ` Վլատիմիր Ժիրինովսքին, նոյնիսկ Հնդկաց ովկիանոսին մէջ նաւահանգիստ ունենալու յաւակնութիւնը արտայայտեցին: Աւելորդ է ըսել, որ Կասպից ծովու կենսական պաշարներու զիջումը, որ ան կրնայ կորսնցնել դէպի արեւմուտք շուկայի բացումով, ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն ետք արեւմտեան ներդրումներու հոսքերուն հետ միասին, էապէս կը տկարացնէ Ռուսիան:

2. Ախթալայի բերդն ու վանքը

«Կովկասեան կաւիճէ շրջանակը»

(Գերմանացի թատերագիր Պերթոլթ Պրեխթի մէկ թատրերգութիւնն է այս, որ առակի վերածուած է. գիւղացի աղջկան մը մասին է, որ լքուած երեխայ մը փրկելով` աւելի լաւ մայր կը դառնայ, քան` երեխային բուն հարուստ ծնողները: Փոխաբերաբար` Արեւմուտք, Իրան, Ռուսիա-Կովկասի երկիրներ վիճակը այժմ*):

«Այսպէս կոչուած` Նոր աշխարհակարգի յայտնութեան բնաբանին մէջ, Ռուսիան նախ լուսանցքի մէջ մնաց, մինչ Թուրքիան եւ Իրանը առաջին երկիրներն էին, որոնք տուժեցին աշխարհաքաղաքական իրարանցումէն: Մտնելով այս «Մեծ ճատրակի խաղին» մէջ, զոհեր տալով, Միացեալ Նահանգները` ՄՆ եւ Եւրոմիութիւնը արագօրէն օգտագործեցին հնարաւորութիւնը` մեծցնելու իրենց ազդեցութիւնը Կեդրոնական Կովկասի մէջ: Հետեւաբար վերջինս շուտով մրցակցութեան տարածք դարձաւ բուն աշխարհաքաղաքական խաղացողներուն եւ, այսպէս կոչուած, «նորեկներուն» միջեւ:

«Իրանը Կեդրոնական Կովկասի դասական խաղացողներէն մէկն է, սակայն իր ներքին տագնապներուն եւ միջազգային ճնշումներուն պատճառով ստիպուեցաւ ժամանակաւորապէս նահանջել մրցապայքարէն: Վերջին միտումները ցոյց կու տան Կեդրոնական Կովկասի մէջ Իրանի շահերու աշխուժացումը: Շրջանային բնաբանին մէջ Իրանը Հայաստանի եւ Ռուսիոյ դաշնակիցն է:

«Թուրքիան, ինչպէս կ՛առաջարկէ Պրեժինսքին, պէտք չէ հեռացուի աշխարհաքաղաքական հաշիւներէն, քանի որ մերժուած Թուրքիան ոչ միայն կրնայ ուժեղ իսլամական դառնալ, այլեւ կրնայ խախտել շրջանին կայունութիւնը: Թուրքիոյ դերը այս մրցավէճին մէջ, իր աշխարհաքաղաքական հակումներուն կողքին, տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ գերիշխանութիւնը հակակշռելն է: Այդ իսկ պատճառով Պրեժինսքին կը պնդէ, որ Թուրքիոյ քաղաքական զարգացումները եւ անոր կողմնորոշումը վճռորոշ պիտի ըլլան Կեդրոնական Կովկասի պետութիւններուն համար:

«Տարածաշրջանին մէջ Եւրոպական Միութեան ԵՄ ներկայութիւնը նոյնպէս նկատելի է: Արեւելեան դրացնութեան գործընկերութեան ծիրին մէջ միութիւնը խրախուսեց շրջանի երկիրները բարեփոխումներ իրականացնել (աւելի ճիշդը` չարափոխումներ*), եւ իբրեւ գնահատանք` Վրաստանին շնորհեց թեկնածուի կարգավիճակ: Աւելի՛ն. անոր դիրքին շնորհիւ տարանցիկ ուղիներ ապահովելու նշուած կարելիութիւնը թոյլ կու տան Կեդրոնական Կովկասին` ծառայելու իբրեւ Եւրոպայի ուժանիւթի անվտանգութեան երաշխիք: Ատոր համահունչ` Եւրոպան պէտք է օգնէ շրջանին մէջ անոր խաղաղ զարգացման եւ երաշխաւորէ անոր անվտանգութիւնը` իբրեւ ռազմավարական գործընկեր:

«Ի տարբերութիւն Հայաստանի եւ Վրաստանի` Ազրպէյճանը բացայայտ կերպով պատրաստակամութիւն չի յայտներ միանալու ո՛չ ռազմական, ո՛չ ալ տնտեսական (արեւմտեան*) դաշինքներուն: Երկիրը ո՛չ ռուսամէտ է, ո՛չ ալ արեւմտամէտ (թրքամէտ է*), այլ կ՛ընդգծէ շրջանային համագործակցութեան կարեւորութիւնը : Հետեւաբար այս երկիրները եւրոպականացման հոլովոյթին մէջ տարբեր ընթացքի մէջ կը գտնուին: Սակայն Կեդրոնական Կովկասի մէջ վստահելի գործընկերոջ ԵՄ-եան կարիքը այժմ կը հակասէ Թուրքիոյ, միութենէն օտարացումին, մինչ Ռուսիան ալ իրենց պատժամիջոցներէն չազդուեցաւ:

«Միացեալ Նահանգները երկար ժամանակէ ի վեր տարածաշրջանը, յատկապէս` Վրաստանը, իբրեւ ռազմավարական թափարգել գօտի կը նկատէ` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իր շահերուն օժանդակելու, ինչպէս նաեւ` ահաբեկչութեան տարածումին դէմ պայքարին: 2016-ին, ՄՆ-ու նախկին պաշտպանութեան նախարար Տոնալտ Ռամսֆիլտ «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի իր յօդուածին մէջ ընդգծած էր Վրաստանի ռազմավարական դիրքը` նշելով, որ` «Վրաստանը խոչընդոտ կը ստեղծէ նախկին Խորհրդային Միութեան այլ շրջաններէն ահաբեկիչներուն դէպի Միջին Արեւելք հոսքին դէմ: Եւ այդ, անկասկած, մեծ դեր կ՛ունենայ ՕԹԱՆ-ի կազմած որեւէ դաշինքի ռազմավարութեան մէջ` Սեւ ծովը եւ «Նոր Եւրոպան» ռուսական որեւէ արկածախնդրութենէ պաշտպանելու համար»:

Հեգնական է այս պարբերութիւնը, քանի որ, ՄՆ-ը ի՛նք ստեղծեց իսլամական ահաբեկչական կազմակերպութիւնները (Պըն Լատեն եւ այլն), որպէսզի Աֆղանիստանի մէջ Ռուսիոյ դէմ կռուին…

«Տարածաշրջանային ճատրակի խաղին լրացուցիչ նորեկը Չինաստանն է` իր աճող աշխարհաքաղաքական ազդեցութեամբ, որ շրջանին կարեւորութիւնը աւելի կը մեծցնէ չինական Մետաքսի ճամբու ծրագրով եւ 2017-էն ի վեր` Անդրկասպեան միջազգային բեռնափոխադրութեան երթուղիի նախագիծին մէջ մասնակցելու միջոցով:

«Մշակութային բնագաւառը, մասնաւորապէս` ազգային-կրօնական գործօնը, ազգայնականութեան եւ ծայրայեղականութեան աճող վերածնունդի այս ժամանակաշրջանին, աշխարհաքաղաքական նկատառումներուն վրայ անմիջականօրէն ազդող գործօն է: Պատմական հակառակութիւնները դժուար յարաբերութիւններ կոփած են Թուրքիա-Հայաստանի եւ Հայաստան-Ազրպէյճանի միջեւ, որ յանգեցուցած է Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամութեան: Ռուսիոյ դաւաճանութիւնը եւ վատ վերաբերմունքը Վրաստանի հետ երկիրը հեռացուց իր հիւսիսային դրացիէն, որուն կրօնակից է: Հակառակ տարբեր կրօններուն` Վրաստանը բարեկամական յարաբերութիւններ ունի Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ: Իրանի պարագային, չափով մը աւելի դրական վերաբերում կը վայելէ կովկասեան մնացեալ հանրապետութիւններէն:

«Անոր դիրքն ու տարբեր կրօններու եւ ազգերու սահմանակից իր փորձը թոյլ կու տան տարածաշրջանին մէջ վճռորոշ դեր ունենալ 21-րդ դարու գլխաւոր սպառնալիքը նկատուող ահաբեկչութեան դէմ պայքարին` աւելի մեծցնելով Կեդրոնական Կովկասի դերը իբրեւ քաղաքակրթութիւններու սահման»:

Տարօրինակ ու պարզամտութիւն է Արեւմուտքին «ահաբեկչութեան դէմ պայքար»-ը բացարձակ իրողութիւն եւ նպատակ նկատելը, երբ Սուրիայէն հարիւրաւոր իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներ Թուրքիոյ եւ Վրաստանի վրայով ճամբորդելով` Արցախի մէջ հայերուն դէմ պատերազմեցան, իսկ այժմ, ԱՄՆ-ու եւ ՕԹԱՆ-ի մղումով նոյն իսլամական ծայրայեղական ահաբեկիչները բացայայտօրէն Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ դէմ կը կռուին «քրիստոնեայ» Ուքրանիոյ կողքին… Արդէն վերը նշած էի, որ յատկապէս ԱՄՆ-ը ի՛նք ստեղծեց ահաբեկիչ խմբաւորումները, որոնք կը դադրին ահաբեկիչ ըլլալէ, եթէ Ամերիկայի նպատակին կը ծառայեն…

«Ինչպէս նկատեցինք, յետխորհրդային ժամանակաշրջանի զարգացումները շրջանին մէջ նոր դերակատարներ բերաւ, ինչպիսիք են` ԱՄՆ-ը, ԵՄ-ը եւ Չինաստանը, տարածաշրջանին վրայ իրենց ազդեցութիւնը պարտադրելու, ինչպէս նաեւ անկէ օգուտներ քաղելու մրցակցութեան մէջ: Դէպքերու նման զարգացումը, սակայն, կը հակասէ դրացի աշխարհաքաղաքական մեծ պետութիւններուն` Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի ձգտումներուն: Նման փոքր տարածաշրջանին մէջ մեծ պետութիւններու քաղաքական շահերուն կեդրոնացումը կը շեշտէ անոր աշխարհաքաղաքական ցանկալի դիրքն ու տնտեսական առաւելութիւնները:

«Փոխ առնելով Պրեխթի «Կովկասեան կաւիճի շրջանակը» թատրերգութենէն` տարածաշրջանին մէջ միջազգային շահերու շրջագիծը կ՛ընդգծէ ուժային հակամարտութիւններ: Համաշխարհային ուժերու նման կեդրոնացումը իր հերթին կը ձեւաւորէ Կեդրոնական Կովկասի երկիրներուն արտաքին կողմնորոշումները: Աշխարհաքաղաքական խօսոյթի հոլովոյթին մէջ տարածաշրջանը կրնայ աշխարհաքաղաքականօրէն կարեւոր դառնալ, եթէ այդ կը ծառայէ մեծ խաղացողներուն քաղաքական եւ տնտեսական օգուտներուն, կամ` եթէ բաւարար ներուժ ունի պայքարելու մեծ պետութիւններուն քաղաքական-տնտեսական նկրտումներուն դէմ:

«Կեդրոնական Կովկասը իր ռազմավարական դիրքին եւ բազմազանութեան պատճառով երկու յատկանիշներ ունի: Հետաբար Կեդրոնական Կովկասը կը գտնուի բարդ աշխարհաքաղաքական բնապատկերի մը մէջ եւ, մեծ պետութիւններու համար տնտեսական հնարաւորութիւններ ներկայացնելու կողքին, կը յայտնուի 21-րդ դարու անվտանգութեան նկատառումներու թէժ կեդրոնը»: Վերջ յօդուածին:

Եզրակացութիւն

Նկատի առնելով, որ հեղինակը  Վրաստանի խորհրդարանի միջազգային յարաբերութեանց բաժանմունքին գլխաւոր մասնագէտն է, եւ այդ պատճառով իսկ այս յօդուածը պատրաստեցի`

1) Պրեխթի մատնանշած արդարութիւնը եւ փոխաբերական մայրութիւնը կը բացակային այս յօդուածէն եւ մի՛այն անոր նշած իշխանութեան չարաշահումը` մրցակցութիւնն է, որ կը դրսեւորուի: Ի վերջոյ ո՞վ է, որ Կովկասին «մայրութիւն» պիտի ընէ… Յստակ չէ, կարծէք անտեղի է Պրեխթէն բերուած մէջբերումը: Թէեւ ենթադրել կու տայ, որ նախորդ «մայրը» Ռուսիան էր, ուրեմն նորը… ուրիշը:

2) Որեւէ նշում չկայ Վրաստանի այժմու խռովութիւններուն մասին, որոնք հետեւանքն են կառավարութեան կողմէ «արեւմտեան» եւ «սորոսական» գործակալներուն դերակատարութիւնը սահմանափակելու եւ զսպելու օրէնք մը վաւերացնելու աշխատանքին:

3) Զարմանալիօրէն գրութեան մէջ բնա՛ւ հակառուս երանգ չկայ, ո՛չ Աբխազիան եւ ո՛չ ալ Հարաւային Օսեթիան նշուած են:

4) Փանթուրանական սպառնալիքին եւ առանցքին մասին ալ որեւէ նշում չկայ:

5) Զարմանալի է նաե՛ւ Արցախի եւ Հայաստանի իրադարձութիւններուն մասին որեւէ նշում չկատարելը:

Իրողութիւններէն քիչ մը հեռու` այս բոլորը կը նշեն Վրաստանի այժմու իշխանութեան դէպի Ռուսիա վերստին մերձեցումը, մինչ Հայաստանի մէջ օտարին կամակատար սորոսական ապազգային այժմու իշխանութիւնը, առանց դրացի Վրաստանին փորձէն բան մը սորվելու, դէպի արեւմտեան` ՕԹԱՆ-եան-թրքական եաթաղանն ու անդունդը կը սուրայ, առանց շօշափելի ու վստահելի  նոր դաշնակից մը ապահոված ըլլալու:

Ե՞րբ պիտի սթափին Հայաստանի մտաւորականութիւնը, ոստիկանականութիւնը եւ ամբո՛ղջ ժողովուրդը, այս թուրք-ազրպէյճանական դաւադրութեան, եւ այս դաւաճան խմբակը վայրկեան առաջ իշխանութենէն դուրս շպրտէ` նախքան Հայաստանը կտոր կտոր թշնամիին յանձնելը:

8 մայիս 2024

Haroutchekijian.wordpress.com

———

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները իմս են

1. https://www.geopoliticalmonitor.com/the-geopolitics-of-the-central-caucasus/

2. https://commons.wikimedia.org/wiki/File:Society_for_the_Diffusion_of_Useful_Knowledge_(Great_Britain)._Russia_in_Europe_Part_IX_and_Georgia.1835.B.jpg

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (26 Օգոստոս 2024)

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանը Հաճելին Եւ Օգտակարը Համադրող Ողջունելի Ծրագիրով Իր Երդիքին Տակ Համախմբեց 40 Երեխաներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?