Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ 22 օգոստոսին տեղի ունեցած է Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան նիստ:
Նիստի ընթացքին քննարկուած են ինչպէս Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին վերաբերող հարցեր, այնպէս ալ աշխարհաքաղաքական հաւանական զարգացումները եւ անոնց ազդեցութիւնը շրջանին եւ մասնաւորապէս Հայաստանի վրայ:
Քննարկուած են նաեւ Ազգային ժողովի յառաջիկայ նստաշրջանին խմբակցութեան ընելիքները: