Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 23, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի տեղեկահաւաքի բաժանմունքի` Ամանի նոր ղեկավար Շլոմի Պենըր յայտարարեց. «Պէտք է շարունակենք պատերազմը հիւսիսի մէջ ընդլայնելու մեր պատրաստութիւնները ամրապնդել, եւ Իսրայէլի համար աւելի հեռու բեմերու վրայ պաշտպանութեան ու յարձակումի հետախուզական աւելի ուժեղ ենթակառոյց կառուցել, ինչպէս այս բաժանմունքը վերջին շրջանին այդ մէկը վարպետութեամբ կատարելու իր կարողութիւնը ցոյց տուաւ»:

– ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պաշտօնատարներ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած են. «Կը կարծենք, որ իրանցի ղեկավարները որոշեցին Հանիէի ահաբեկումին հակադարձութիւնը յետաձգել, սակայն գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, որ Թեհրան Հըզպալլան քաջալերէ յարձակում գործելու»:

– «ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» օրաթերթը, մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց. «(Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան) Նասրալլան թերեւս ետդարձ կատարեց Թել Աւիւի վրայ մեծաթիւ հրթիռներ արձակելու գաղափարէն, սակայն շարք մը իսրայէլեան թիրախներ ունի` անոնցմէ ընտրելու համար»:

– «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, մէջբերելով իր որակումով հաւաստի քաղաքական հեղինակութիւն մը, հաղորդեց. «Ի տարբերութիւն երէկ` չորեքշաբթի օր լայնօրէն շրջանառուածին, շրջանին մէջ լայնածաւալ պատերազմի ծագման վերաբերեալ իսկական տուեալներ կամ լուրջ ցուցանիշեր չկան»:

Աղբիւրը ըսած է. «Հըզպալլան պատրաստ է մինչեւ վերջին պահ պատերազմը դադրեցնելու, գերիներու փոխանակում կատարելու եւ Կազայի բնակչութեան մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու բանակցութիւններուն առիթ ընծայելու: Յայտարարութիւններն ու քարոզչական կեցուածքները կարեւոր չեն, կարեւորը բանակցութիւններու սեղանին վրայ տեղի ունեցողն է»:

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Չինաստանի դեսպանատունը յայտնեց. «Վերջին շրջանին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանին վրայ կացութիւնը կը շարունակէ լարուիլ, Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը վտանգաւոր է եւ բարդ: Հարաւային Լիբանան ճամբորդելու վտանգի ներկայ մակարդակը կարմիր է (վտանգի բարձրագոյն մակարդակ), եւ այլ շրջաններու մէջ նարնջագոյն (վտանգի բարձր մակարդակ)»:

Դեսպանատունը ներկայիս Լիբանան գտնուող իր քաղաքացիները յորդորեց «ճամբորդական թռիչքներու հասանելիութեան շարունակութիւնը օգտագործելով կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնալ Չինաստան կամ երկրէն հեռանալ»:

– ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը հաղորդեց, որ 8 հոկտեմբեր 2023-էն մինչեւ 20 օգոստոս 2024 Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով վնասուած են 2412 անձեր, որոնց 564-ը մահացած են:

 

Նախորդը

Սպիտակ Տուն. «Պայտըն Նեթանիահուին Շեշտեց Համասի Հետ Համաձայնութեան Հասնելու Հրատապութիւնը»

Յաջորդը

Պրիք. «Իսրայէլ Մէկ Տարիէն Պիտի Քայքայուի, Եթէ Համասի Եւ Հըզպալլայի Հետ Մաշեցման Պատերազմը Շարունակուի»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.