Բերքաբեր – Ղըզըլհաճիլի սահմանազատուած հատուածէն ազրպէյճանական յենակէտը ետ քաշուած է, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց Բերքաբերի վարչական ղեկավար Տիգրան Յարութիւնեան:
«Անոնք հեռացած են շատոնց` յուլիսի սկիզբներուն, եթէ չեմ սխալիր: Այն հատուածին մէջ, որ իրենց դիրքն էր նախապէս, իրենք այդ դիրքէն դուրս եկած են, հիմա մեր սահմանապահը այդտեղ ծառայութիւն կ՛իրականացնէ», ըսաւ Տիգրան Յարութիւնեան:
Աւելի քան 30 տարի ազրպէյճանական կողմը իր հսկողութեան տակ կը պահէր Բերքաբերի հողը ջրամբարի ափէն մինչեւ Փայտասարի գագաթ` շուրջ 900 հեկտար հայկական տարածք: Սահմանազատման վերջին գործընթացին, սակայն որոշում տրուեցաւ այդ հատուածը չսահմանազատել:
Հայաստանի կառավարութիւնը ապրիլին հրապարակեց քարտէս` մանիշակագոյնով ընդգծելով, թէ ո՛ր տեղանքը կը ճշգրտեն այս փուլին: Այդ ընդգծուած հատուածին մէջ մնացած էր չհեռացող ազրպէյճանական դիրքը: «Կարճ, բայց ողջամիտ ժամկէտի մէջ» հայկական եւ ազրպէյճանական զինուած ուժերը ետ պիտի քաշուէին եւ իրենց տեղը զիջէին սահմանապահներուն. այս տարածքի ազրպէյճանցիները, սակայն, հեռացան վերջերս:
«Ասիկա միակ դէպքն է, երբ ազրպէյճանական յենակէտը նահանջած է այս ամբողջ հայ – ազրպէյճանական սահմանազատման ընթացքին», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծեց քաղաքագէտ Սամուէլ Մելիքսէթեան:
Քաղաքագէտին դիտարկումով` ազրպէյճանական զինուժը նահանջած եւ դիրքաւորուած է Բերքաբերի` այս փուլին չսահմանազատուած հայկական տարածքին մէջ:
Երէկ Բերքաբերի մէջ պայթումներու ձայներ կը լսուէին: Հայկական կողմը կը պայթեցնէր ազրպէյճանցիներուն ձգած ականները: