Այսօր երեկոյեան ժամը 21:00-ին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին մէջ, Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը շատ կարեւոր մրցում ունի կատարելիք Ճափոնի դէմ, յառաջիկայ մոնտիալի զտումի մրցումներուն գծով:
Անցեալ տարի խումբերը իրար դէմ մրցած էին 12 օգոստոսին Ժետտայի մէջ, ուր Լիբանան 97-73 արդիւնքով յաղթած էր: Այդ մրցումին ալ Ուաէլ Արաքժի չկար, ինչպէս այսօրուան մրցումին պիտի չըլլայ, բայց յուսանք, որ Լիբանան յաղթէ, ինչ որ մեծ քայլ մը պիտի ըլլայ հասնելու Մոնտիալ, զոր պիտի հիւրընկալէ Տոհան (Քաթար), 2027-ի օգոստոսին:
Համակիրներու ներկայութեան Լիբանան կրնայ յաղթել Ճափոնին, ինչպէս նաեւ կիրակի օր` Չինաստանին:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր կարգին հրապարակեց Լիբանանի ախոյեանութեան նոր յայտագիրը, մրցումները պիտի շարունակուին 2 դեկտեմբերին:
ՀՄԸՄ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ հինգշաբթի, 3 դեկտեմբերին, Քահրապայի (Զուք) դաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին:


