«Երբ Ազրպէյճան իր հողերը բռնագրաւումէն ազատագրեց, Ֆրանսան իր իսկական դէմքը ցոյց տուաւ», Պաքուի մէջ 5 օգոստոսին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` ընդունելով Ազրպէյճանի մէջ Պուրքինա Ֆասոյի նոր նշանակուած դեսպան Վինթա Սոմայի հաւատարմագիրները:
Ալիեւ Ֆրանսան մեղադրած է ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան մէջ «Ազրպէյճանի դէմ անարդար գործունէութիւն ծաւալելու» համար:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած էր, որ վերջին տասնամեակին Ազրպէյճան շատ աւելի զինուած է, քան Հայաստանը` նկատելով, որ 2020-ի պատերազմը Ազրպէյճանը սկսած է:
Պաքուն արձագանգած էր, թէ Մաքրոնի տեսակէտները` Հայաստանի ռազմականացման քաղաքականութիւնը արդարացնելու եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ բացայայտ կողմնակալ դիրքորոշում ցուցաբերելու, շրջանին մէջ լարուածութիւն ստեղծելու եւ խաղաղ հոլովոյթը խոչընդոտելու յաւելեալ վառ օրինակ են:
Պաքուն Փարիզը կը մեղադրէ «Հարաւային Կովկասի կայունութիւնը խաթարելու», «միակողմանի մօտեցման եւ հայկական դիրքորոշման», «Հայաստանին զինելու» համար` փաստացի պոյքոթի ենթարկելով Ֆրանսայի մասնակցութեամբ բանակցային բոլոր հանդիպումները:


