Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամիրպեքով. «Երեւանն Ու Պաքուն Երբեք Խաղաղութեան Համաձայնագիրին Այսքան Մօտ Չեն Եղած, Միակ Խոչընդոտը Հայաստանի Սահմանադրութիւնն Է»

Օգոստոս 2, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանն ու Ազրպէյճանը զգալի յառաջընթաց արձանագրած են խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնական ձեւակերպման հարցին մէջ: Այս մասին Հատսըն հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներու ժամանակ ըսած է այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով:

Անոր համաձայն, կողմերը երբեք այսքան մօտ չեն եղած խաղաղութեան համաձայնագիրին:

«Երկու երկիրներուն ալ համար պատմական կարելիութիւն ստեղծուած է` փակելու թշնամութեան էջը, փոխելու հարաւկովկասիան շրջանի տարածքը, զայն վերածելու բարի դրացիութեան, խաղաղութեան եւ կայունութեան շրջանի: Այս հոլովոյթը շատոնց կ՛ընթանայ: Միջնորդութեան շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին շուրջ 30 տարիէ ի վեր: Սակայն անցեալ տարուան դեկտեմբերին երկու երկիրներն ալ որոշեցին, որ բանակցութիւններու վարման եւ աւարտին հասցնելու ամէնէն արդիւնաւէտ եւ խոստմնալից ձեւաչափը երկկողմանի եւ ուղիղ ձեւաչափն է: Այդ ժամանակէն ի վեր զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է, ներառեալ փոխադարձ վստահութեան հաստատման եւ որոշակի հոլովոյթներու շարունակման, դիւանագիտական աջակցութեան փոխանակման, որոշ կալանաւորներու ազատ արձակման եւ սահմաններու սահմանազատման ուղղութեամբ գործնական աշխատանքի մեկնարկի բնագաւառին մէջ», նշած է Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչը:

Ամիրպեքով աւելցուցած է, որ նայելով սեղանին դրուած խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին, կարելի է ըսել, որ կողմերը շատ մօտ են անոր շուրջ աշխատանքները աւարտելուն:

Խօսելով խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման հաւանական ժամկէտներուն մասին` Ամիրպեքով նշած է, որ ատիկա մեծապէս կախեալ պիտի ըլլայ հայկական կողմի պատրաստակամութենէն` վերացնելու միակ մնացած խոչընդոտը` Հայաստանի սահմանադրութեամբ ամրագրուած տարածքային պահանջները Ազրպէյճանի նկատմամբ:

«Խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին մեծ մասը համաձայնեցուած է: Մնացեալ բոլոր հարցերը կրնան լուծուիլ, սակայն մենք չենք կրնար աւելի հեռու երթալ եւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել` աչք փակելով այս տագնապի բուն գոյութենական պատճառին վրայ, այն է` Հայաստանի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած տարածքային պահանջները Ազրպէյճանի նկատմամբ: Մենք տակաւին վստահ չենք Հայաստանի իշխանութիւններուն անկեղծութեան, երբ անոնք կ՛ըսեն, թէ հրաժարած են Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներէն, որովհետեւ ակնյայտ հակասութիւն կայ անոնց պաշտօնական հրապարակային հռետորաբանութեան եւ սահմանադրական ու իրաւական դաշտին հետ գոյութիւն ունեցող կացութեան միջեւ: Այս հակասութիւնը պէտք է լուծուի, որպէսզի դէպի հաւանական խաղաղութիւն ճամբան բացուի», ըսած է ան:

Անոր պնդումով` վստահութեան ամրապնդման միջոց կրնայ ըլլալ Զանգեզուրի միջանցքի բացումը, որ անհրաժեշտ է ոչ այնքան Ազրպէյճանին, որքան Հայաստանին:

Ըստ Ամիրպեքովի, միջանցքի բացումը կրնայ փոխել խաղի կանոնները ամբողջ շրջանին համար:

«Ասիկա շահեկան ծրագիր է: Հայաստանի կառավարութիւնը շատ կը խօսի համաշխարհային խաչմերուկի նախագիծի մասին: Կը կարծեմ, ատոր իրականացման միակ ուղին Հայաստանին արտօնելն է բանալ իր չորս սահմաններէն երկուքը Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ», եզրափակած է Ամիրպեքով:

Նախորդը

«Ճակատամարտը Նոր Փուլ Մուտք Գործեց» Կ՛ըսէ Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի Մէջ Հետազօտութիւն Կը Կատարեն Փոքր Չափի Հիւլէական Կայան Կառուցելու Հարցին Շուրջ

RelatedPosts

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հոկտեմբեր 27, 2025
Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»
Հայկական

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?