Հայազգի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս Մէօնշընկլատպախ – Հոլսթին Քիլ մրցումին միակ կոլը նշանակեց բարեկամական մրցումի մը ընթացքին:
Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահը յաջորդական երրորդ մրցումը ըլլալով կրցաւ կոլ նշանակել Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի շապիկով, կատարած 3-րդ բարեկամական փորձ-մրցումին, օգտուելով ֆրանսացի Նաթան Էնկումուի փոխանցումէն:
Նախապէս, Հրանդ-Լէոն Ռանոս Վեկպերկ-Պիքի դէմ (2-0) կոլ մը նշանակած էր եւ աւելի ուշ Ֆորթունա Սիթարտի (3-1) դէմ կոլ մը եւս նշանակած էր: