Սպանացի նախկին ֆութպոլիստ Սեսք Ֆապրեկաս, որ այժմ կը մարզէ Իտալիոյ «սերի Ա.» բարձրացած Քոմօ ակումբը, կատարեց իր առաջին լուրջ փոխանցումը, ձեռք ձգելով ֆրանսացի Ռաֆայէլ Վարանը:
«Ռաֆայէլը իւրայատուկ ֆութպոլիստ է, եւ անոր փոխանցումը կը վկայէ մեր ակումբին լուրջ մօտեցումը: Ան մեծ տիտղոսներ նուաճած է: Իր փորձառութիւնը երկու կարեւոր ախոյեանութիւններու խաղալէ ետք («Լա Լիկա» եւ «Փրեմիեր լիկ») անկարելի է թերագնահատելը: Անհամբեր կը սպասեմ իրենց հետ աշխատելուն», ըսաւ Ֆապրեկաս: