Երեւանն ու Պաքուն մօտ են խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրի աւարտին, յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով:
«Եթէ նայիք խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին, որ դրուած է բանակցութիւններու սեղանին, ապա կողմերը մօտ են անոր աւարտին», ըսած է ան` աւելցնելով, որ «Պաքուն զգալի յառաջընթաց արձանագրած է Երեւանի հետ խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ»:
Ըստ Ամիրպեքովի, այժմ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պատմական կարելիութիւն ունին` «վերջնականապէս փակելու թշնամութեան այս գլուխը եւ սկսելու փոխել իրավիճակը հարաւկովկասեան շրջանին մէջ»: