«Էն. Պի. Էյ.»-ի 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթց 2 տարուան պայմանագիրով մը ձեռք ձգեց վեթերան կարտ Ռասըլ Ուեսթպրուքը:
35 տարեկան Ուեսթպրուք, որ 9 անգամ «Օլ Սթար»-ի մրցումին մասնակցած է, պիտի ըլլայ օգնական կարտ մը` ժամանակաւորապէս Ճամալ Մարէյի (վիրաւոր) բացը գոցելու համար, մինչեւ վերջինիս ապաքինումը:
Ուեսթպրուք 3,3 միլիոն ամերիկեան տոլար պիտի ստանայ առաջին տարին, ապա 3,5 միլիոն` 2-րդ տարեշրջանին:
Այս համաձայնութեան մէջ դեր ունէր խումբին թիւ 1 աստղ Նիքոլա Եոքիչ, որ այժմ կը գտնուի Սերպիոյ ազգային խումբին հետ` Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն:
Ուեսթպրուք անցեալ տարեշրջանին միացած էր Լոս Անճելըս Քլիփըրզին, ուր իբրեւ պահեստի մարզիկ կը խաղար եւ 11,1 կէտ կը նշանակէր միայն:
Եութա Ճեզ կը փորձէր ձեռք ձգել Ուեսթպրուքը անցեալ շաբաթ` փոխարինելով Քրիս Տանը, սակայն քանի մը օր ետք Ուեսթպրուք նախընտրեց միանալ Եոքիչի ակումբին, որ վերջերս աւարտած էր վեթերաններ Քենթավիըս Քելտուէլ Փոփի եւ Ռեճի Ճեքսընի հետ պայմանագիրները: