Փարիզի Ողիմպիական խաղերը կը շարունակուին, սակայն սպասուածին նման նոր մրցանիշներ չեն արձանագրուիր, մանաւանդ լողալու մրցումներուն, ուր ընդհանրապէս անցեալին նոր մրցանիշներ կ՛արձանագրուէին:
Աւստրալիացի լուղորդ Մոլի Օ՛քալահան աղջկանց 200 մեթր ազատ լողի ոսկի մետալը շահած պահուն բարելաւեց ողիմպիական մրցանիշը` արձանագրելով 1 վայրկեան 53,27 երկվայրկեան ժամանակ մը:
Այլ մրցանիշ մը արձանագրուեցաւ փինկ փոնկի մրցումներուն, ուր ծնունդով չինացի մարզիկ Նի Ժիալիան դարձաւ ամէնէն տարեց փինկ փոնկի մարզիկը, որ մրցում կը յաղթէր Ողիմպիականին: Նի 61 տարեկան է եւ 1991-էն ի վեր կը ներկայացնէ Լիւքսամպուրկը:
1985-ին թիւ 6 դասուած փինկ փոնկ խաղցող Նի այժմ 46-րդ դասուած է եւ հասաւ Գ. հանգրուան` յաղթելէ ետք թուրք մրցակիցին:
Նի 1983-ին խմբային եւ զոյգերու ոսկի մետալ շահած էր Չինաստանի հետ աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն: 1989-ին ան փոխադրուած էր Գերմանիա, ապա 2 տարի ետք` Լիւքսամպուրկ: Ան մասնակցած է 2008-ի, 2012-ի, 2016-ի եւ 2020-ի ամառնային Ողիմպիական խաղերուն: 2021-ին, 58 տարեկան Նի աշխարհի ախոյեանութեան զոյգերու մրցումներուն շահեցաւ պրոնզ մետալ` Սարա տը Նիւթէի հետ:


