Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Եւրոպայի երիտասարդներու (19 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան աւարտական մրցումը` Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ: Մրցումը վերջ գտաւ ի նպաստ Սպանիոյ, որ 19 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ 12-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ): Անգլիա 11 անգամ դարձած էր ախոյեան, մինչ Ֆրանսա 8 անգամ, իսկ Գերմանիա` 6 անգամ:
Կիսաւարտականին Սպանիա 1-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր Իտալիան, մինչ Ֆրանսա 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Ուքրանիոյ:
Ամիս մը առաջ, Իտալիա 17 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեան դարձած էր Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած ախոյեանութեան` աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Փորթուգալին:
Կիսաւարտականին Իտալիա 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Դանիոյ, իսկ Փորթուգալ 3-2 արդիւնքով` Սերպիոյ:
17 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեան դարձած Իտալիա իր պատմութեան մէջ 2-րդ անգամն էր, որ կը շահէր (առաջինը` 1982-ին), Սպանիա 9 անգամ դարձած է 17 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեան, մինչ Փորթուգալ (6 անգամ), Գերմանիա եւ Նետերլանտներ (4 անգամ) կը յաջորդեն անոր: