Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, արձագանգելով հայ-ամերիկեան միացեալ ռազմափորձերուն եւ Ազրպէյճանէն հնչած յայտարարութիւններուն, շեշտած է. «Միացեալ Նահանգները երկարամեայ գործընկերութիւն ունին Հայաստանի հետ, որուն օրինակն է Քանսըս նահանգի ազգային պահակագունդին հետ կայուն համագործակցութիւնը` (Միացեալ Նահանգներու) պաշտպանութեան Պետական գործընկերութեան ծրագիրի ծիրին մէջ»: Այս մասին «Ամերիկայի ձայն»-ի հայկական ծառայութեան յայտնած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Նախարարութիւնը աւելցուցած է. «Միացեալ Նահանգներ առանձին պաշտպանական եւ անվտանգային յարաբերութիւններ ունին Ազրպէյճանի հետ, ներառեալ` համագործակցութիւնը բազմազգ ռազմափորձերու մէջ` Վրաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած «Էճայլ Սփիրիթ», ՕԹԱՆ-ի Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան եւ շարք մը այլ երկկողմանի ձեւաչափերով` (Միացեալ Նահանգներու) պաշտպանութեան նախարարութեան Պետական գործընկերութեան ծրագիրի նման»:
Անդրադառնալով հարաւկովկասեան շրջանային կայունութեան վերաբերեալ հարցին` ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծած է, որ «Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը կը շարունակեն զգալի յառաջընթաց արձանագրել խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնական ձեւակերպման ուղղութեամբ»:
«Մենք յանձնառու ենք այդ հոլովոյթի աջակցման: Եկած է խաղաղութեան ժամանակը», ըսած են նախարարութենէն:
Պատասխանելով ամերիկեան վարչակազմի հաւանական փոփոխութենէն ետք Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութեան մասին հարցումին` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է. «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անկուսակցական հաստատութիւն է: Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան արտաքին քաղաքականութիւնը կրնայ փոխուիլ տարբեր նախագահական վարչակազմերու օրերուն: Բայց եւ այնպէս, սակայն անփոփոխ կը մնան Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքները, որոնք կը ներառեն անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան, բարգաւաճման եւ զարգացման խթանում Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհին մէջ»: