Հայաստանը դարձած է հնդկական զէնքի թիւ մէկ գնորդը, ինչ որ կը վկայէ ելեւմուտքի նախարարութեան Հնդկաստանի խորհրդարան ներկայացուցած տնտեսական տեղեկագիրը:
«Նախկին խորհրդային հանրապետութիւն Հայաստանը «Փինաքա» բազմափող համակարգերու եւ «Աքաշ» հակաօդային հրթիռներու ձեռքբերման գործարքներ կնքելէ ետք դարձած է Հնդկաստանէն զէնքի մեծագոյն ներածողը», ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հաղորդումով նշուած է տեղեկագիրին մէջ:
Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով` 2024-2025 ելեւմտական տարիներու վրայ հնդկական սպառազինութիւններու Հայաստանի գնումներուն ծաւալները հասած են 600 միլիոն տոլարի: