Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ոչ ոք գիտէ, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ ընթացող պատերազմին մէջ ո՛ւր պիտի հասնինք»:
«Կառավարութիւնը Լիբանանը պատերազմէն զերծ կացուցելու համար դիւանագիտական մեծ ջանք կը թափէ, սակայն մինչեւ այս պահս մեր նպատակին չհասանք», ըսաւ Մքերի:
Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատարը յայտնեց. «Լիբանանեան հողերուն վրայ Իսրայէլի կողմէ լրագրողներու դիտաւորեալ սպանութեան վերաբերեալ շուրջ 30 երկիրներէ պաշտօնական յստակ կեցուածք պահանջող նամակներ գրեցի եւ միայն 3 պատասխաններ ստացայ»:
«Այն տագնապը, որուն մէջէն անցաւ Լիբանանը, տկարացուց պետութեան բոլոր հաստատութիւնները, ինչ որ քաղաքացին մղեց այլընտրանքին վստահելու, ինչ որ շատ վատ է եւ դարմանումի համար ժամանակի կը կարօտի», նշեց Մքերի:
«Միշտ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան աշխատանքին քննադատութիւններ կան, եւ պէտք է իբրեւ կառավարութիւն աշխատանք տանինք լուծելու համար կարեւոր հարցեր եւ պահպանելու այն, ինչ որ հիմնականն է, որ նշանակումներու չդիմենք», յայտնեց նախարարի պաշտօնակատարը:
«Նախկին նախարար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան ընդդիմացողները թող հրամմեն ու անուն մը առաջադրեն, որովհետեւ բացի իրմէ յստակ թեկնածու չկայ, եւ կը կարծենք, որ Ֆրենժիէն կարող է լուծումներ գտնել: Սուրիոյ դէմ եղող նախագահ մը կարելի չէ նախագահական աթոռ հասցնել», ըսաւ Մքերի: