Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքային խորհրդատուն մտադիր է խորհրդատուական աջակցութիւնը սկսիլ յառաջիկայ ամիսներուն: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը ճիշդ ե՞րբ պիտի սկսի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ աշխատանքը:
Դեսպանատունէն բացատրած են, որ Համաշխահային պաշտպանական բարեփոխումներու ծրագիրի խորհրդատուն չի ֆինանսաւորուիր Միացեալ Նահանգներու բանակին կամ Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ: Ֆինանսաւորումը կ՛ապահովէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, եւ խորհրդատուն պիտի աջակցի Հայաստանի պաշտպանական հաստատութիւններու ամրապնդման:
«Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Համաշխարհային պաշտպանական բարեփոխումներու ծրագիրը ամբողջ աշխարհի վրայ կ՛աջակցի գործընկեր պետութիւններուն առաւել դիմակայուն, արդիւնաւէտ ու հաշուետու անվտանգային հաստատութիւններու ձեւաւորման հարցին մէջ` ապահովելով ռազմավարական մակարդակի խորհրդատուական աջակցութիւն», յայտնած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը:
Յիշեցնենք, որ վերջերս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուզրա Զէյան «Հետք»-ի հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած էր այն տեղեկութիւնը, թէ որոշում կայ, որ ամերիկեան բանակի ներկայացուցիչ մը պիտի աշխատի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ:


