Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, Հայաստանի զինուած ուժերը կրակ չեն բացած սահմանի արեւելեան հատուածի ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ:
«Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, թէ 20 յուլիսին` ժամը 22:10-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան», նշուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: