Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) տարեկան վեհաժողովը: Հայաստան անդամ է ՀԱՊԿ-ին, սակայն չի մասնակցիր անոր աշխատանքներուն: Հայաստան վերջին երկու տարիներուն չէ կատարած իր պարտաւորութիւնները եւ չէ վճարած ծախսերու իր մասնաբաժինը: Նիկոլ Փաշինեան վերջերս յայտարարեց, որ «Հայաստան կորսնցուցած է ՀԱՊԿ-ին մասնակցելու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը»: Հայաստան չի հրաժարիր ՀԱՊԿ-էն. կ՛ուզէ, որ կազմակերպութիւնը ինք հեռացնէ, սակայն կանոնագրութիւնը նման պատիժ չի նախատեսեր: Վեհաժողովը, հիմնուելով կանոնագրութեան տրամադրութիւններուն վրայ, որոշած է «Հայաստանը զրկել քուէարկելու, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ-ի մէջ պատասխանատու պաշտօններուն իր ներկայացուցիչները նշանակելու իրաւունքէն»: Ապահովութեան հետ կապուած պայմանաւորուածութիւնները կը մնան ի զօրու:
Գրեթէ միեւնոյն կացութիւնն է ԵԱՏՄ-ի (Եւրասիական տնտեսական միութիւն) նկատմամբ: Հայաստան անդամ է, սակայն չի մասնակցիր աշխատանքներուն:
Ռուսիոյ կողմէ ղեկավարուող այս երկու կազմակերպութիւններուն մասնակցութեան սառեցումը արդիւնք է հակառուսական քաղաքական գործելաձեւին: Հայաստանի մէջ կը քաջալերուի հակառուսական քաղաքական գործողութիւններու քարոզչութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ յառաջիկայ տարի Հայաստան Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմում պիտի կատարէ: Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը կ՛ենթադրէ Հայաստանի հեռացումը ռուսական հովանաւորութեամբ գործող տնտեսական եւ ապահովական կազմակերպութիւններէն եւ կառոյցներէն:
Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հեռանկարը ցանկալի է անկասկած: Սակայն իրատեսակա՞ն է այդ հեռանկարը: Նոյնիսկ մոռնալով ռուսական կարծր հակազդեցութեան մը կարելիութիւնը, կրնա՞նք ակնկալել, որ տրամաբանական ապագայի մը Հայաստան կրնայ, տնտեսական ու ընկերային, ե՛ւ քաղաքական, բոլոր պայմանները լրացնելէ ետք, լիիրաւ անդամ դառնալ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ):
Այս հարցերուն կ՛անդրադառնայ Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, «ԵՄ անդամակցութեան պատրանքը» խորագրով ուշագրաւ յօդուածի մը մէջ: Արմէն Գրիգորեան, որ վերջերս միայն այդ պաշտօնին փոխարինուեցաւ Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Ալեն Սիմոնեանով, փաշինեանական իշխանութեան կարեւորագոյն ջատագովներէն մէկն էր, ջերմ պաշտպանն ու քարոզիչը վարչակարգին:
Ի՞նչ կ՛ըսէ Արմէն Գրիգորեան:
Դէպի ԵՄ ճանապարհը խրթին է ու վտանգաւոր` զերծ շօշափելի հեռանկարներէ եւ երաշխիքներէ, բայց շատ մեծ վտանգներով, քանի որ ԵՄ-ը պատրաստ չէ ապահովագրելու Ռուսիոյ պատժամիջոցներէն:
Ռուսիոյ զայրոյթն ու պատժամիջոցները հիմնաւոր են, որովհետեւ Հայաստան ընդունելով դէպի ԵՄ երթալու մասին օրէնք (նախորդ Ազգային ժողովին կողմէ), մղած է Ռուսիան պատժամիջոցներ կիրարկել Հայաստանի նկատմամբ:
Հայաստան կը գտնուի երեք մեծ պետութիւններու խաչմերուկին: Մէկուն (Թուրքիոյ) անդամակցութիւնը մերժուած է, միւս երկուքը ԵՄ-ին անդամակցելու ցանկութիւն չունին: Հայաստան չի կրնար նկատի չունենալ իր աշխարհագրական դիրքը:
Հայաստանի կողմէ հաւասարակշիռ քաղաքականութիւնը կ՛ենթադրէ հրաժարիլ պատրանքներէն, մոռնալ անդամակցութիւնը եւ կեդրոնանալ համագործակցութեան վրայ:
Արմէն Գրիգորեան դիտել կու տայ, որ քանի ԵՄ-ին անդամակցութիւնը իրատեսական չէ, չ՛արժեր այդ նպատակի արդարացման համար դիմել հակաժողովրդավարական միջոցներու:
Առաջադրանքը չ՛արժեր նաեւ Հայաստանի տնտեսութիւնը վտանգներու եւ պատժամիջոցներու ենթարկելու համար, մանաւանդ որ երաշխիքներու խոստումներ չկան:
Արմէն Գրիգորեանի զգուշացումը բարացուցական է: Ան հաւանաբար պաշտօնի վրայ գտնուած ժամանակ վերապահութիւն յայտնած էր «Եւրոպական պատրանքին» մասին, պատրանք, որուն համար իշխանութիւնը զոհաբերեց ղարաբաղեան շարժման նուաճումները: Այժմ ազատագրուած իշխանութեան կապանքներէն, արցախեան ծագում ունեցող եւ ի պաշտօնէ իրազեկ նախկին անվտանգութեան քարտուղարը հրապարակաւ կը բացայայտէ իր անհամաձայնութիւնը: Ռուսասիրութիւնը չէ, որ մղած է Արմէն Գրիգորեանը այս քայլին, ինչպէս ռուսասիրութիւն չէ բոլոր անոնց, որոնք հաւասարակշուած եւ անտեղի սադրանքներէ հեռու քաղաքականութեան մը պահանջը կը դնեն:
Կ՛ըսուի, որ խօսողին լսող է պէտք: Խօսքը կայ, լսող պիտի ըլլա՞յ:



