Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«3+3» Ձեւաչափով Յաջորդ Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ Թուրքիոյ Մէջ» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

July 20, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ բաւական յստակ է. մենք կ՛աջակցինք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ դէմ ենք միջազգային սահմաններու փոփոխութեան ու առհասարակ շրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան: Այս մասին «Էս.Էն.Էն.» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի:

«Շրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կը բխին Իրանի շահերէն, եւ մենք պատրաստ ենք այդ ուղղութեամբ օգնելու», նշած է դեսպանը` յիշեցնելով «3+3» ձեւաչափով հարթակի մասին:

Ըստ դեսպանին, այդ հարթակի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպումը առաջին անգամ տեղի ունեցած է Թեհրանի մէջ, յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկային Թուրքիոյ մէջ:

«Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները ունին առանձնայատուկ նշանակութիւն, ինչ որ պայմանաւորուած է երկու երկիրներու աշխարհագրական եւ ռազմավարական դիրքով», յայտնած է ան:

«Իբրեւ Իրանի դրացիներէն մէկը` Հայաստանը ունի ապահով եւ կայուն սահման, որ կենսական դեր կը խաղայ շրջանային անվտանգութեան ամրապնդման գործին մէջ: Բացի ատկէ, երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական, ուժանիւթային եւ կրթական համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ երկկողմանի կապերու ամրապնդման եւ տնտեսական զարգացման», նշած է դեսպանը:

Ան ընդգծած է, որ միացեալ ենթակառուցային եւ ուժանիւթային նախագիծերը, ինչպիսիք են` ճամբաներու կառուցումը եւ կազի ու ելեկտրականութեան փոխանակումներու ընդլայնումը, կ՛օգնեն բարելաւել շրջանային ենթակառոյցները եւ բաւարարել փոխադարձ կարիքները:

Դեսպանը նաեւ աւելցուցած է, որ մշակութային եւ կրթական համագործակցութիւնը կը յանգեցնէ Հայաստանի եւ Իրանի ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման:

«Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները միշտ ալ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցած են», ընդգծած է Իրանի դեսպանը:

Դեսպան Սոպհանի նաեւ յայտարարած է, որ Իրան պիտի կրկնապատկէ Հայաստանէն ելեկտրականութեան ներածումը:

Նախորդը

ՀՅԴ ԼՊՄ-ԸՎՄ Պատանիի Օրուան Նուիրուած Հանդիսութիւն

Յաջորդը

Ալիեւ. «Խաղաղութեան Համար Նախ Եւ Առաջ Անհրաժեշտ Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Կէտերու Փոփոխութիւնը»

RelatedPosts

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
Խալաֆով. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Հայաստանը Այս Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ճիշդ Գնահատէ»
Հայկական

Խալաֆով. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Հայաստանը Այս Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ճիշդ Գնահատէ»

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.