Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէի իր նախագահ ընտրութեան առիթով յղած շնորհաւորական նամակին պատասխանելով յայտնեց, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին «Թեհրան պիտի շարունակէ աջակցիլ Պաղեստինեան դատին»:
«Իրան կառչած է իսլամական յեղափոխութեան սկզբունքներուն ու անոր վսեմ նպատակներուն, եւ երջանկայիշատակ իմամ Խումէյնիի դասերուն եւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Խամենէիի ցուցմունքներուն ծիրին մէջ Թեհրանի կարծիքով իր մարդասիրական ու իսլամական պարտաւորութիւնն է պաղեստինցի ժողովուրդին աջակցիլ», ըսաւ Փեզեշքեան:
Իրանի նորընտիր նախագահը իր նամակը շարունակելով յայտնեց. «Իրան պիտի շարունակէ պաղեստինցի անզէն ժողովուրդին իր ամբողջական աջակցութիւնը, մինչեւ որ ան տիրանայ իր ձգտումներուն ու իրաւունքներուն, եւ Երուսաղէմը ազատագրուի»: