Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրանսան Կ՛աջակցի Հայ-Ազրպէյճանական Երկխօսութեան` Կարելի Եղածին Չափ Արագ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Կնքման Նպատակով» Էրտողանին Ըսած Է Մաքրոն

July 13, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Էմանուել Մաքրոն Ուաշինկթընի մէջ քննարկած են շրջանային հարցեր, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ պատերազմը, պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը:

Ըստ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, Էրտողան ընդգծած է Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ բոլոր ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Կարեւոր նկատելով Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթի աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը` Էրտողան ըսած է, որ Թուրքիան այդ հարցին մէջ աջակցութիւն կ՛ակնկալէ:

Շեշտելով, որ արեւմտեան երկիրներու կողմէ Իսրայէլի զինադադարի խրախուսումը պիտի նպաստէ շրջանային եւ համաշխարհային խաղաղութեան, Թուրքիոյ նախագահը իր գործընկերոջ կոչ ուղղած է` այս ուղղութեամբ շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու:

Ֆրանսայի նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Մաքրոն Էրտողանի հետ քննարկած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումը:

«Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատած է մեր աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող երկխօսութեան` կարելի եղածին չափ արագ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման նպատակով, որ կրնայ նոր էջ բանալ շրջանին մէջ», նշուած է Մաքրոնի աշխատակազմին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Պապիկեանն Ու Չիքովանին Քննարկած Են Պաշտպանութեան Բնագաւառին Մէջ Հայաստան-Վրաստան Համագործակցութիւնը

Յաջորդը

Կալուզին. «Մենք Մտահոգ Ենք, Որ Եւրոպական Միութեան Առաքելութիւնը Երեւանի Հաւանութեամբ Ոչ Միայն Կ՛ընդլայնուի, Այլեւ Կը Սպառնայ Ժամանակաւորէն Դառնալ Մնայուն»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.