Մոսկուա մտահոգ է, որ Երեւանի հաւանութեամբ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը կրնայ դառնալ մնայուն: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:
«Մենք նաեւ մտահոգ ենք, որ Երեւանի հաւանութեամբ առաքելութիւնը ոչ միայն կ՛ընդայլնուի, այլեւ կը սպառնայ ժամանակաւորէն դառնալ մնայուն: Բացի ատկէ, ինչպէս գիտէք, այս տարուան ապրիլին առաքելութեան անձնակազմին մէջ յայտնուած են Քանատայի ներկայացուցիչներ, ինչ որ տէ ֆաքթօ կը նշանակէ ՕԹԱՆ-ի Հարաւային Կովկաս սողացող ներթափանցում», ընդգծած է Կալուզին:
Անոր համաձայն, ռուսական կողմը Երեւանի եւ շրջանային այլ գործընկերներու հետ հաղորդակցութիւններուն մէջ մշտապէս կը բարձրացնէ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան նիւթը:
«Մենք կը շարունակենք համոզուած ըլլալ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութիւն կրնայ ձեռք բերուիլ միայն Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու համապարփակ իրագործման հիման վրայ», աւելցուցած է ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի տեղակալը յայտարարած է նաեւ, որ Հայաստանի մէջ արեւմտականները կրնան հետախուզական տուեալներ հաւաքել ռուսական դիրքերու, ինչպէս նաեւ դրացի պետութիւններու վերաբերեալ:
Հայաստանի խորհրդարանը մարտին վաւերացուցած էր Եւրոպական Միութեան հետ նոյեմբեր 2023-ին ստորագրուած` Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան կարգավիճակի մասին համաձայնագիրը, որ դէտերուն կու տայ անձեռնմխելիութիւն եւ արտօնութիւններ:


