Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոփա Ամերիքա. Քոլոմպիա Հասաւ Աւարտական

July 12, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քոփա Ամերիքայի կիսաւարտականի մրցումները վերջ գտան, եւ երէկ, երկրորդ մրցումին, Քոլոմպիա 10 մարզիկներով կրցաւ պարտութեան մատնել Ուրուկուէյը եւ հասնիլ աւարտական:

70 հազար համակիրներուն մեծամասնութիւնը Քոլոմպիան կը քաջալերէին: Ճեֆերսըն Լերմա նշանակեց մրցումին միակ կոլը, երբ ուրուկուէյցի յառաջապահ Տարուին Նունիես (Լիվըրփուլ) 3 առիթներ կորսնցուցած էր յառաջանալու:

17-րդ վայրկեանին ան լաւ ձեւով հարուածեց քառակուսիին մէջէն, բայց գնդակը քանի մը սանթիմեթր շեղեցաւ նպատակէն: Քիչ ետք ինք զարմացած էր, թէ ինչպէ՛ս գնդակը դուրս հարուածեց…

39-րդ վայրկեանին, Խամես Ռոտրիկեսի քոռնըրէն ետք, Ճեֆերսըն Լերմա գլխու գեղեցիկ հարուածով նշանակեց մրցումին միակ կոլը: 5 վայրկեան ետք, Ռիչարտ Ռիոսի ռմբային հարուածը վարպետօրէն զսպեց ուրուկուէյցի բերդապահ Ռոշեթ:

Կիսախաղ չեղած, Տանիէլ Միւնոս ստացաւ իր երկրորդ դեղին քարտը եւ վտարուեցաւ դաշտէն:

67-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ 37 տարեկան Լուիս Սուարես, որ հազիւ 4 վայրկեան խաղցած, կրցաւ խաբել մրցակից բերդապահը, բայց անոր հարուածը զսպեց Քոլոմպիոյ բերդին սիւնը:

88-րդ վայրկեանին Մաթէոս Ուրիպէ (Քոլոմպիա) գեղեցիկ փոխանցում մը ստանալէ ետք Քեւին Քասթանոյի կողմէ, հարուածեց, սակայն գնդակը անցաւ բերդին ձախ սիւնին մօտէն: Նոյնինքն Ուրիպէ 94-րդ վայրկեանին ուժգին հարուածով մը քիչ մնաց նշանակէր Քոլոմպիոյ երկրորդ կոլը, սակայն բերդապահը զսպեց անոր հարուածը, եւ գնդակը դպնալէ ետք Ուրուկուէյի բերդի սիւնին, դուրս ելաւ:

Այսպիսով, Քոլոմպիա, որուն վեթերան միջնապահ աստղ Խամես Ռոտրիկես, որ Լիոնել Մեսսիի մրցանիշը բարելաւեց` կատարելով իր 6-րդ էսիսթը Քոփա Ամերիքայի նոյն մրցաշարքին հասաւ աւարտական, 10 մարզիկներով յաղթելէ ետք Ուրուկուէյի եւ յարձակողական ֆութպոլը շարունակելով թիւով աւելի մարզիկներ ունեցող մրցակիցի մը դէմ:

«Շատ լաւ մրցում կատարեցինք: Իրաւարարը լաւ չէր… դժուար մրցում մըն էր, դժուար մրցակիցի մը դէմ», ըսաւ Ռոտրիկես (32 տարեկան): 28 մրցումներէ ի վեր անյաղթ Քոլոմպիա, 2001-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հասաւ աւարտական: 2001-ին Մեքսիքոյին յաղթելով շահած էր իր միակ Քոփան:

Օր մը առաջ տեղի ունեցած էր Քոփա Ամերիքայի կիսաւարտականի առաջին մրցումը, որուն ընթացքին Քանատա բաւական պայքարելէ ետք տեղի տուաւ ախոյեան Արժանթինի դիմաց` 2-0 արդիւնքով:

Աշխարհահռչակ մարզիկներով հարուստ Արժանթին ճիշդ է, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց, բայց արդիւնքին նման դիւրին չէր մրցումը:

6-րդ վայրկեանին Անխել Տի Մարիա ճնշումի տակ գետին ինկաւ Քանատայի մեծ քառակուսիին մէջ, սակայն իրաւարարը ֆաուլ չնկատեց անոր իյնալը:  22-րդ վայրկեանին Ռոտրիկօ Տը Փոլի (Աթլեթիքօ Մատրիտէն) զօրաւոր փոխանցումէն ետք, Խուլիան Ալվարես կրցաւ զսպել փոխանցումը, եւ գնդակը ուժգին հարուածով նշանակել Քանատայի բերդին մէջ, մրցակից մը խաբելէ ետք:

34-րդ վայրկեանին, Տի Մարիա քառակուսիին ծայրէն գնդակ մը ստացաւ եւ վոլէով մը փորձեց նշանակել կոլ մը, որ սակայն քիչ մը բարձր անցաւ Քանատայի բերդին վրայէն:

44-րդ վայրկեանին Լիոնել Մեսսի հին օրերը յիշեցուց, երբ քանի մը մրցակից խաբելէ ետք հարուածեց, սակայն անոր հարուածը անցաւ բերդին մօտէն:

Կիսախաղէն քիչ առաջ, Քանատա հաւասարութեան կոլը նշանակելու առիթ մը ունէր, սակայն Ճոնաթըն Տէյվիտի հարուածը վարպետօրէն զսպուեցաւ Արժանթինի բերդապահ Էմիլիանօ Մարթինեսի կողմէ:

Բ. կիսախաղին, Լիոնել Մեսսի «սխալմամբ» նշանակեց Արժանթինի 2-րդ կոլը, երբ Էնզօ Ֆեռնանտեսի հարուածը կոլի վերածուելու կ՛ուղղուէր արդէն, բայց Մեսսի անոր դպնալով իր անունին արձանագրեց կոլը:

Իրաւարար Փիերօ Մասա սուլեց` սպասելով ՎԱՐ-ի վճիռին: 2 վայրկեան ետք, ստուգելէ ետք լաւապէս, կոլը ընդունուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ:

Քանատայի մարզիչ Ճեսի Մարշ փոփոխութիւններ կատարեց աշխուժացնելու յարձակումները:

61-րդ վայրկեանին, Խուլիան Ալվարեսի հարուածը լաւապէս զսպեց Քանատայի բերդապահ Մաքսիմ Քրեփօ:

Քանատա տիրապետեց, սակայն մինչեւ 89-րդ վայրկեան լուրջ առիթ չստեղծեց: 65-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած յառաջապահ Թանիթոլուա Օլուասէյի փոխանցում մը ստանալէ ետք քառակուսիին ծայրէն զօրաւոր հարուած մը արձակեց, սակայն Էմիլիանօ Մարթինես զսպեց զայն: Վայրկեան մը ետք նոյն յառաջապահը Ճոնաթըն Օսորիոյի փոխանցումէն ետք գլխու հարուածով առիթ ունէր նշանակելու Քանատայի կոլը, բայց անոր հարուածը անցաւ բերդի աջ սիւնին քովէն:

Արդիւնքը մնաց անփոփոխ, եւ Արժանթին հասաւ աւարտական, յաջորդական 2-րդ անգամ ըլլալով:

Աւարտականին Արժանթին պիտի մրցի Քոլոմպիա-Ուրուկուէյ մրցումին յաղթականին դէմ:

Նախորդը

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնի Ամավերջի Իւրայատուկ Եւ Խորհրդաւոր Հանդէսը

Յաջորդը

38 Տարեկան Նաւասի Մրցանիշը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ

September 15, 2026
Հեծելարշաւ.  «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ

September 15, 2026
«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց
Մարզական

«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.