Սպանիոյ ազգային խումբի աջ պաշտպան Խեսուս Նաւաս, որ Եուրօ 2024-ի կիսաւարտականին 5 վայրկեան խաղցաւ Ֆրանսայի դէմ մրցումին, Եուրոյի պատմութեան ամէնէն երէց մարզիկն էր, որ կը մասնակցէր կիսաւարտականի հանգրուանին:
Նաւաս 3 օրով բարելաւեց Գերմանիոյ բերդապահ Ենս Լեմանի մրցանիշը, որ արձանագրած էր 2008-ի Եուրոյին, Թուրքիոյ դէմ մրցումին: Այդ օրը Գերմանիա 3-2 արդիւնքով յաղթած էր Թուրքիոյ եւ հասած աւարտականին:
Նաւաս, որ 2009-էն ի վեր կը կրէր Սպանիոյ ազգային խումբին տարազը, մասնակցած է 56 մրցումի, որոնց ընթացքին նշանակած է 5 կոլ եւ կատարած 11 էսիսթ (կոլի փոխանցում):


