Լիվըրփուլի եւ պրազիլի նախկին յառաջապահ Ռոպերթօ Ֆիրմինիօ, որ այժմ կը խաղայ Սէուտական Արաբիոյ Ահլի խումբին հետ, հոգեւոր հովիւ ձեռնադրուեցաւ:
«Այն պահէն, որ մենք Քրիստոսի կը հանդիպինք, կը ցանկանք, որ մարդիկ իմանան այդ սիրոյ մասին: Հիմա մենք այլ պարտականութիւն ունինք` հովիւ դառնալ», յայտնեց Ֆիրմինիօ:
Նշենք, որ Ֆիրմինիօ իր կնոջ հետ միասին ձեռնադրուեցաւ իբրեւ աւարտական հովիւ Մանահ եկեղեցւոյ, որ 3 տարի առաջ հիմնած էր Ֆիրմինիօ ընտանիքը: