Երէկ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Միրզոյեան-Պայրամով-Պլինքըն եռակողմ հանդիպումը:
Հանդիպումին ընդառաջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը ելոյթ ունեցաւ` շեշտելով, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը շատ մօտ են հասնելու վերջնական համաձայնութեան:
«Շուրջ մէկուկէս տարի Հայաստանն ու Ազրպէյճանը շատ կարեւոր աշխատանք կատարած են խաղաղութեան պայմանագիրը ամբողջացնելու շուրջ բանակցութիւններուն ուղղութեամբ: Սա երկարատեւ եւ արժանապատիւ գործընթաց է եւ բացառիկ կարելիութիւն է 2 երկիրներուն եւ շրջանին համար, այդ շարքին` Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն համար: Այս գործընթացի ընթացքին Միացեալ Նահանգները աջակցած են իրենց օգնութեամբ, աջակցած են Եւրոպական Միութեան եւ եւրոպական բազմաթիւ այլ գործընկերներու հետ միասին: Այսօր կարելիութիւն ստեղծուած է ամբողջացնելու յառաջընթացը, որ ձեռք բերուած է, աւարտին հասցնելու այն, ինչ որ մնացած է: Ես կը հաւատամ, որ 2 երկիրներն ալ շատ մօտ են հասնելու վերջնական համաձայնութեան, որուն Միացեալ Նահանգները շատ- շատ կ՛աջակցին: Այսօր կը տեսնենք, թէ ի՛նչ կրնան ընել Միացեալ Նահանգները` օգնելու հասնիլ համաձայնութեան», յայտարարած է Էնթընի Պլինքըն:
Ժամեր ետք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնները հրապարակեցին հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«10 յուլիսին Ուաշինկթընի մէջ ՕԹԱՆ-ի կազմաւորման 75-ամեակին նուիրուած վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը:
Կողմերը նշած են խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ պատմական պայմանագիրի կնքման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ արձանագրուած յառաջընթացը եւ համաձայնած են շարունակել աշխատանքները:
Կողմերը երախտագիտութիւն յայտնած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հանդիպումը հիւրընկալելու համար»: