Երեքշաբթի գիշեր տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտականի առաջին մրցումը, Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, Միւնիխի դաշտին վրայ:
Մրցումը իրար դէմ կը հանէր լաւագոյն յարձակողական խումբը ընդդէմ լաւագոյն պաշտպանողական խումբին, եւ Սպանիա կրցաւ մրցումը աւարտել յաղթանակով, շնորհիւ ֆրանսացի յետսապահ Ժիւլ Քունտէի (սխալմամբ իր բերդին մէջ) կոլին:
Մրցումին առաջին առիթը ստեղծեց Սպանիա, երբ աջ ծայրի յառաջապահ Լամին Եամալի օդէն փոխանցումէն ետք, Ֆապիան Ռուիս գլխու հարուածով փորձեց բանալ մրցումին հաշիւը 5-րդ վայրկեանին:
9-րդ վայրկեանին, Քիլիան Էմպափէ, որ առանց դիմակի կը խաղար, ձախ կողմէն յառաջացաւ, մարզիկ մը խաբեց եւ օդէն փոխանցեց Ռանտալ Քոլօ-Մուանկի, որ նշանակեց Ֆրանսայի եւ մրցումին առաջին կոլը: Ֆրանսա տիրապետեց այս կոլէն ետք, մինչ սպանացիք քիչ մը կորսուած վիճակ ունէին: 19-րդ վայրկեանին Էմպափէ առիթ մը ստեղծեց կոլ մը եւս աւելցնելու, սակայն մրցակից մը զսպեց անոր հարուածը:
21-րդ վայրկեանը կը մօտենար, երբ Եամալ դէպի կեդրոն ուղղուեցաւ եւ մօտ 25 մեթրէն ձախ ոտքի զօրաւոր հարուածով գնդակը լաւապէս դարձուց եւ Ֆրանսայի բերդապահ Մենեանի բերդին աջ անկիւնէն մուտք գործեց` նշանակելով Եուրօ 2024-ի ամէնէն գեղեցիկ կոլերէն մէկը: Լամին Եամալ շաբաթ օր 17-րդ տարեդարձը պիտի տօնէ:
4 վայրկեան ետք, Տանի Օլմօ, որ քառորդ աւարտականի բացման կոլը նշանակած էր, փոխարինելէ ետք վիրաւոր Փետրին, խաղի բերաւ մրցակից մը, եւ զօրաւոր հարուած մը տուաւ դէպի Ֆրանսայի բերդը, եւ Ժիւլ Քունտէ գնդակը «զետեղեց» իր բերդին մէջ (սխալմամբ անշուշտ):
Այս կոլէն ետք, խումբերը աւելի զգուշ յարձակումներ կատարեցին, եւ մինչեւ կիսախաղ մասնաւոր առիթ չստեղծուեցաւ:
Բ. կիսախաղին, Ֆրանսա աւելի ճնշեց, բայց Սպանիոյ բերդին վրայ մասնաւոր լուրջ առիթ չստեղծուեցաւ մինչեւ 60-րդ վայրկեան: Արդարեւ, Օսման Տեմպելէ աջ կողմէն խաղի բերելէ ետք Քուքուրելիան, դէպի կեդրոն փոխանցելու փոխարէն դէպի բերդ ուղղեց գնդակը: Ունայ Սիմոն բերդին առջեւ յառաջացած էր` կարծելով, թէ Տեմպելէ պիտի փոխանցէ դէպի կեդրոն, բայց արագ ռիֆլեքսով մը կրցաւ ձախ ձեռքով զսպել գնդակը:
62-րդ վայրկեանին Ֆրանսայի մարզիչ Տիտիէ Տեշան կատարեց 3 փոխարինումներ, որոնք աւելի արդիւնք կրնային տալ մրցումի սկիզբէն, եթէ անշուշտ Քամավինկա Կրիզման եւ Պարքոլա դաշտ ներկայանային: «Դանդաղ» Ռապիօ, Քանթէ եւ Քոլօ-Մուանի փոխարինուեցան:
61-րդ վայրկեանին Տայօ Ուփամեքանօ քոռնըրի մը վրայ առիթ ունէր գլխու հարուածով կոլ նշանակելու իր ակումբի (Պայերն Միւնիխ) դաշտին վրայ, սակայն գնդակը քիչ մը բարձր անցաւ:
81-րդ վայրկեանին Լամին Եամալ առաջին կիսախաղին իր կոլին նման յարձակում մը կատարեց խաղի բերելէ ետք 2 մրցակից, բայց այս անգամ անոր հարուածը քիչ մը բարձր էր:
86-րդ վայրկանին Քիլիան Էմպափէ մեծ քառակուսի մտաւ եւ գրեթէ առանձին էր Ունայ Սիմոնի հետ, բայց անոր հարուածը բարձր էր շատ… Հակառակ մրցումը շատ անգամ ընդհատուելուն, օրուան սլովենիացի իրաւարար Սլաւքօ Վինչիչ միայն 5 յաւելեալ վայրկեաններ տուաւ, որոնք գրեթէ առանց լուրջ առիթներու անցան, եւ Ֆրանսա ուղղուեցաւ մրցաշարքէն դուրս, մինչ Սպանիա հասաւ Եուրօ 2024-ի աւարտական:
Ֆրանսա համեմատաբար աւելի լաւ մարզիկներ ունէր, բայց այս Եուրոյին բնաւ համոզիչ ֆութպոլ չկրցաւ կիրարկել, միջնապահ գիծի վրայ փլէյ-մէյքըրի պակասը ունենալով: Անթուան Կրիզման ըստ երեւոյթին 33 տարեկանին նոյն կարողութիւնը չունի առիթ ստեղծելու, մինչ յառաջապահ եռեակը «կղզիացած» կը մնայ: Պաշտպանողական գիծը շատ լաւ մրցաշարք մը ունեցաւ, Թէօ Հեռնանտես ձախ կողմէն, Ժիւլ Քունտէ աջէն մինչ Ուիլիամս Սալիպա (Արսենալ) եւ Տայօ Ուփամեքանօ ընդհանուր առմամբ լաւ մրցաշարք մը ունեցան:
Այլ մարզիչի հետ Ֆրանսա կրնայ ըլլալ աւելի լաւ արդիւնք տար մրցաշարքին, բայց ամէն պարագայի Ֆրանսայի ֆետերասիոնը գիտէ ինչ է լաւագոյն որոշումը: Սպանիա պարզ, դիւրին ֆութպոլ կը կիրարկէ, ուր արագ փոխանցումներով շահ հանգիստ առիթներ կրնան ստեղծել մանաւանդ արագավազ երկու ծայրի յարձակողներ Լամին Եամալ եւ Նիքօ Ուիլիամս: Կեդրոնէն Տանի Օլմօ, Ֆապիան Ռուիս (եւ երբեմն Ռոտրի) յաճախ կը միանան յարձակումներուն` նեղի մատնելով մրցակիցները:
Այս ձեւով Սպանիա 5-րդ անգամ ըլլալով հասաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական մրցումին:
1964-ին (Խորհրդային Միութիւն), 2008-ին (Գերմանիա) եւ 2012-ին (Իտալիա) ախոյեան դարձած Սպանիա 1984-ին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Միշել Փլաթինիի Ֆրանսայէն, աւարտականին:
Միայն Գերմանիա աւելի առիթներով հասած է աւարտական (6 անգամ), բայց Սպանիոյ նման 3 անգամ կրցած է ախոյեան դառնալ: