Անցեալ շաբաթավերջին որոշուեցան վերջին 4 խումբերը, որոնք միացան 8 խումբերուն` ամբողջացնելով Ողիմպիականի մասնակցող պասքեթպոլի 12 խումբերը:
Յունաստան, Փուերթօ Ռիքօ, Պրազիլ եւ Սպանիա շահելէ ետք զտումի վերջին իրենց խմբակները, շահեցան իրենց տոմսերը` միանալով Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Քանատայի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Հարաւային Սուտանի, Սերպիոյ եւ Ճափոնի:
Վստահաբար Միացեալ Նահանգներու խումբը թիւ 1 թեկնածուն է, եւ խումբին վարչական պատասխանատուն` Կրենթ Հիլ 2008-էն ի վեր լաւագոյն խումբը կազմեց:
Հիմա եթէ կ՛ուզենք աւելի լրջութեամբ նայիլ, «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ արդէն իսկ եւրոպացիներու թիւը շատ աւելի է, քան մօտ 20 տարի առաջ, եւ այդ պատճառով ալ ազգային խումբերուն մէջ կը տեսնենք «Էն. Պի. Էյ.»-ին մաս կազմող մեծ թիւով մարզիկներ:
Այժմ անդրադարձ մը` 12 խումբերուն եւ իրենց լաւագոյն մարզիկներուն:
Ըստ Իրենց դասաւորման, 12-րդ դասուած խումբն է հարաւային Սուտանը, որ 2023-ի աշխարհի ախոյեանութեան լաւագոյն ափրիկեան խումբն է եւ աշխարհի թիւ 17-ն: Հարաւային Սուտանի մաս պիտի կազմէ Ֆինիքս Սանզի Պոլ Պոլը, որ այժմ կը մասնակցի Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող պատրաստական փորձերուն: Ան վստահաբար մեծ դեր պիտի ունենայ խումբին պաշտպանողական կէտերուն վրայ: Ան կրնայ իրեն հետ ունենալ Քարլիք Ճոնզ, որ անցեալ տարուան աշխարհի ախոյեանութեան շատ լաւ ելոյթ ունեցած էր` ձեռք ձգելով միջին հաշուով 10,6 էսիսթ ամէն մրցումի:
11-րդ դասուած է Ճափոն, որ ամէնէն լաւ արդիւնք արձանագրած ասիական խումբն էր աշխարհի ախոյեանութեան (19-րդ), եւ այդ պատճառով շահած էր տոմս` Փարիզի ողիմպիականին մասնակցելու: 2020-ին Թոքիոյի ողիմպիականի հիւրընկալ երկիրը պիտի փորձէ առնուազն 1 յաղթանակ ձեռք ձգել` իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաջորդական պարտութիւններ կրելէ ետք:
Լէյքըրզի ֆորուըրտ Ռոսի Հաշիմուրա պիտի ըլլայ Ճափոնի գլխաւոր աստղը, մինչ Եութա Ուաթանապէ, որ Ֆինիքս Սանզի եւ Մեմֆիս Կրիզլիզի հետ ելոյթ ունեցած էր, պիտի ըլլայ անոր օգնականը:
Դժուար խմբակի մէջ կը գտնուի Ճափոն (Բ. խմբակ), ուր Ֆրանսա եւ Գերմանիա դժուար մրցակիցներ են, սակայն Պրազիլի դէմ մրցումին կրնան առիթ ունենալ յաղթանակի մը մասին երազելու:
10-րդ դասուած է Պրազիլ, որ զտումի մրցումներուն դուրս ձգելէ ետք Լաթվիան, շահեցաւ իր տոմսը:
Պրունօ Քապոքլօ «Էն. Պի. Էյ.»-ի 2014-ի տրաֆթի մարզիկներէն էր, եւ 2021-էն ետք Եւրոպա անցաւ: Պրազիլ պիտի յուսայ լաւագոյն 3-րդ դիրքը գրաւող խումբերէն մէկը ըլլալով անցնիլ Բ. հանգրուան, դժուար մրցակիցներու դէմ:
9-րդ դասուած խումբն է Փուերթօ Ռիքօ, որ 2004-ին Աթէնքի ողիմպիական խաղերուն անակնկալ մը գործած էր պարտութեան մատնելով Միացեալ Նահանգները խմբակներու մրցումներուն, Ողիմպիականի մը, ուր Միացեալ Նահանգներ միայն պրոնզ մետալ կրցած էին շահիլ:
20 տարի ետք, Փուերթօ Ռիքօ վերադարձած է Ողիմպիական խաղերուն եւ անգամ մը եւս Միացեալ Նահանգներու հետ նոյն խմբակին մէջ կը գտնուի` յոյսով, որ անակնկալ մը եւս գործէ: Նիւ Օրլինզի կարտ Խոսէ Ալվարատօ վստահաբար պիտի փորձէ լաւ «հսկել» իր մրցակիցին: Փուերթօ Ռիքօ Միացեալ Նահանգներու եւ Սերպիոյ ետին կրնայ ըլլալ, սակայն պատրաստ է պայքարելու, ինչպէս փաստեց զտումի մրցումներուն:
8-րդ դասուած է Սպանիա, որ Ողիմպիականի զտումի մրցումներուն առանց պարտութեան աւարտեց իր խաղերը, ուր փայլեցաւ 7 տարիէ ի վեր «Էն. Պի. Էյ.»-ի մարզիկ Ուիլի Հեռնան Կոմես, որ միջին հաշուով 18 կէտ նշանակեց այս զտումներուն: Մեմֆիս Կրիզլիզի ֆորուըրտ Սանթիակօ Ալտամա իր կարգին լաւ զտումի մրցումներ ունեցաւ: Խումբին մաս կը կազմեն նաեւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի նախկին մարզիկներ Ուսման Կարուպա, Լորենսօ Պրաուն, Ռուտի Ֆեռնանտես եւ Խուանչօ Հեռնան Կոմես: Կրնայ ըլլալ, որ այժմու Սպանիան 2012-ի Ողիմպիականին արծաթ մետալ շահած Փօ եւ Մարք Կազոլի Սպանիոյ մակարդակը չունի, բայց կարմիրները միշտ ալ պայքարող եւ անակնկալներ արձանագրող խումբ եղած են:
7-րդ դասուած Յունաստան Եաննիս Անթեթոքումփոյի հետ պիտի մասնակցի Ողիմպիականի խաղերուն 2008-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով:
Դժուար է երեւակայել, թէ ի՛նչ արդիւնք կրնայ ձեռք ձգել Յունաստան, որովհետեւ Անթեթոքումփոյէն զատ «Էն. Տի. Էյ.»-ի մակարդակով մարզիկ չունի խումբին մէջ, այլ միջազգային խումբերու նման: Բայց Անթեթոքումփօ առանձին արդէն իսկ լաւ ելոյթի մղեց իր խմբակիցներն ալ, բան մը, որ տեսանք զտումի մրցումներուն:
Ա. խմբակին մէջ միայն Քանատան կրնայ «դանդաղեցնել» անոր ընթացքը, սակայն կը սպասուի, որ Յունաստան հանգիստ ձեւով կը հասնի յաջորդ հանգրուան:
6-րդ դասուած Աւստրալիա լաւ մարզիկներով խումբ մըն է, որ իր կազմին մէջ ունի Փիթի Միլզ, Ճօ Ինկըլզ, Մեթիու Տելլավետովա, Ճոշ Կրին, Տանթէ Էքսըմ, Ճոշ Կիտի եւ Տայսըն Տանիըլզ: Ռիատիի նախկին մարզիկ Տիոփ Ռիթ (Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ) հաւանաբար մասնակցի նաեւ Աւստրալիոյ հետ:
Ճիշդ է, որ անցեալ ողիմպիականին Աւստրալիա պրոնզէ մետալի մրցումին յաղթած էր Լուքա Տոնչիչի Սլովենիոյ, բայց այս տարի շատ լաւ խումբեր կան, բաղդատմամբ վերջին Ողիմպիականին:
5-րդ դասուած Սերպիան լաւ արդիւնք ձեռք ձգած էր աշխարհի ախոյեանութեան, առանց թիւ 1 աստղ Նիքոլա Եոքիչի: Այս ամառ ան պիտի գլխաւորէ Սերպիան, եւ Աթլանթա Հոքսի մարզիկ Պոկտան Պոկտանովիլի հետ միասնաբար պիտի «չափուին» Միացեալ Նահանգներու հետ, Գ. խմբակի մրցումներուն գծով:
Թիւ 4 դասուած Գերմանիա աշխարհի ախոյեանութեան տիրացած էր եւ շատ լաւ ելոյթ ունեցած էր անցեալ ամառ` կիսաւարտականին պարտութեան մատնելով Միացեալ Նահանգները, իսկ աւարտականին` Սերպիան: Գերմանիոյ խումբը կը գլխաւորէ Օրլանտօ Մեճիքի նոր աստղերէն Ֆրանց Վակնըր, որ վերջերս երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը, ինչպէս նաեւ Տենվիս Շրէօտըր, որ աւարտականի «Էմ.Վի.Փի.»-ն էր: Վակնըրի ելոյթը աշխարհի ախոյեանութեան պատճառ դարձած էր մնալու Օրլանտոյի հետ, եւ խումբը կրնայ մետալներու մրցումին հասնիլ, եթէ անշուշտ ամէն ինչ հեզասահ ընթանայ:
Թիւ 3 դասուած Ֆրանսան արծաթ մետալ շահած էր վերջին Ողիմպիական խաղերուն: Խումբը արդէն իսկ լաւ էր առանց Վիքթոր Ուեմպանեամայի: Այժմ «Ուեմպի»-ի ներկայութեամբ շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ է խումբը, բան մը, որ տեսանք վերջերս, Գերմանիոյ դէմ բարեկամական մրցումի մը, ուր ան 25 կէտ նշանակեց 19 վայրկեանի ընթացքին: Թիւ 2 դասուած խումբը Քանատան է, որ հակառակ Էնտրու Ուիկինզի բացակայութեան, տակաւին շատ լաւ մարզիկներ ունի, ինչպէս` Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր, Ճամալ Մարէյ, Ար.Ճէյ. Պարեթ, Տիլըն Պրուքս, Նիք Ալեքզանտր-Ուոքըր եւ Լու Տորթ: Խումբին մէջ շատ տաղանդ կայ, սակայն անիկա կրնայ դժուարութիւն ունենալ «երկար» մարզիկներու դէմ Ժոել Էմպիիտի, «Ուեմպի»-ի եւ Եոքիչի նման:
Թիւ 1 դասուած է անշուշտ Միացեալ Նահանգներու խումբը, որուն միացաւ Ժոել Էմպիիտ, Ֆրանսայի կամ Քամերունի ազգային խումբերուն հետ միանալու փոխարէն: Էմպիիտ միացաւ խումբի մը, ուր ներկայ են երիտասարդ եւ «ծեր» մարզիկներ, ինչպէս Լըպրոն Ճէյմս, Քեւըն Տիւրենթ, Սթեֆըն Քըրի, ինչպէս նաեւ նորեկներ Անթոնի Էտուըրտծ եւ Թայրիս Հելիպըրթըն: