Քոփա Ամերիքայի ֆութպոլի մրցաշարքը հասած է իր կիսաւարտականի հանգրուանին, որմէ կը բացակայի Պրազիլը, որ քառորդ աւարտականին փենալթիներով դուրս մնաց Ուրուկուէյի դէմ մրցումին:
Ուրուկուէյ, որ 1995-ին կրցած էր փենալթիներով յաղթել Պրազիլին եւ շահիլ Քոփա Ամերիքան, 2004-ին եւ 2007-ին պարտուած էր Պրազիլէն փենալթիներով, կիսաւարտականի մրցումներուն:
Նահիթան Նանտես 74-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ, եւ Ուրուկուէյ 10 մարզիկով շարունակեց մրցումը: Պրազիլ չկրցաւ օգտուիլ յաւելեալ մարզիկ ունենալու առաւելութենէն, որովհետեւ առանց Վինիսիոս Ճունիորի, յառաջապահ եռեակը` Ռոտրիկօ-Էնտրիք-Ռոֆինիա բաւական ձախող ելոյթ ունեցան:
Մրցումին արդիւնքը փենալթիներով վճռուեցաւ, եւ Պրազիլի ու Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Էտեր Միլիթաօ կորսնցուց առաջին փենալթին, երբ Սերխիօ Ռոշեթ (Ուրուկուէյի բերդապահը) զսպեց զայն:
Պրազիլի 3-րդ փենալթին հարուածեց Ասթոն Վիլայի միջնապահ Տուկլաս Լուիս, որ «ցնցեց» Ուրուկուէյի բերդին սիւնը: Աթլեթիքօ Մատրիտի յետսապահ Խոսէ Մարիա Խիմենեսի հարուածը զսպեց Լիվըրփուլի բերդապահ Ալիսոն Պեքըր, սակայն Փարիզ Սեն Ժերմենի միջնապահ Մանուէլ Ուկարթէի վերջին փենալթին Ուրուկուէյը փոխադրեց կիսաւարտական, ուր պիտի մրցի Քոլոմպիայի դէմ, որ 5-0 արդիւնքով դուրս ձգեց Փանաման: Քորտոպա, Ռոտրիէս, Տիաս, Ռիոս եւ Միել Պորխա նշանակեցին Քոլոմպիայի 5 անպատասխան կոլերը:
Այսօր, առաւօտեան ժամերուն, Արժանթին առաջին կիսաւարտականին պիտի մրցի Քանատայի դէմ: Ըստ մարզիչ Սքալոնիի, Լիոնել Մեսսի (37 տարեկան) պատրաստ է կատարելու այս մրցումը: