Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թիակօ Ալքանթարա Լքեց Ֆութպոլը

July 10, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Շնորհակալութի՛ւն ֆութպոլ: Շնորհակալ եմ բոլորին, որոնք ուղեկցած են ինծի եւ այդ ճամբուն վրայ ինծի աւելի լաւ ֆութպոլիստի եւ մարդու վերածած են: Կը հանդիպինք շուտով», այս տողերը գրած է սպանացի միջնապահ Թիակօ Ալքանթարա ընկերական ցանցերուն վրայ:

33 տարեկան Ալքանթարա Լիվըրփուլի մարզիկ էր, եւ վերջերս լուրեր կային, որ ան կրնայ վերադառնալ Գերմանիա կամ Սպանիա` իր նախկին խումբերէն մէկուն միանալու համար:

Ան 2020-էն ի վեր Լիվըրփուլի մարզիկ էր, բայց շատ ելոյթ չէր ունեցած Եուրկըն Քլոփի կազմին հետ, նկատի ունենալով, որ ան յաճախ վիրաւոր էր:

Ան 4 տարեշրջանի ընթացքին կատարած է միայն 68 ելոյթ «կարմիրներու» շապիկով եւ նշանակած 2 կոլեր:

Ալքանթարա եղած է Պարսելոնա ակումբի պատանի եւ մինչեւ 2013 մասնակցած է 68 ելոյթներու` նշանակելով 7 կոլ: Ապա 2013-ին միացած է Պայերն Միւնիխի, ուր կատարած է իր ասպարէզի լաւագոյն ելոյթները` 7 տարեշրջանի ընթացքին կատարելով 150 մրցում եւ նշանակելով 17 կոլ:

Ան 2011-էն 2021 ալ կրած է Սպանիոյ ազգային խումբի շապիկը` 46 անգամ նշանակելով 2 կոլեր:

Ան Պարսելոնայի հետ (2010-2011) եւ Պայերն Միւնիխի հետ (2019-2020) շահած է «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսը, եւ Լիվըրփուլի հետ (2021-2022-ին) դարձած է փոխախոյեան:

Թիակօ 1994-ի մոնտիալի ախոյեան պրազիլցի մարզիկ Մազինիոյի երէց զաւակն է, եւ եղբայր մըն ալ ունի` Ռաֆինիա, որ Արապի (Քաթար) ակումբին եւ Պրազիլի ազգային խումբի մարզիկ է:

Ան զոյգ հպատակութիւն ունի (Պրազիլ եւ Սպանիա), եւ սահուն կը խօսի սպաներէն, փորթուգալերէն,  քաթալոներէն, գերմաներէն, ինչպէս նաեւ անգլերէն:

Թեքնիքով վարպետ Թիակօ շատ լաւ փլէյ մէյքըրի դեր կը խաղար, սակայն անոր յաճախ վիրաւորուիլը հաւանաբար պատճառ դարձաւ, որ ան բաւարար տիտղոսներ չշահի կամ միջազգային գետնի վրայ նոյնքան ծանօթ չըլլայ:

Նախորդը

Թենիս. Ուիմպըլտընի Անակնկալները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Քոփա Ամերիքա. Ուրուկուէյ Դուրս Ձգեց Պրազիլը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.