ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ երէկ յայտարարեց, թէ 2024-2025 տարեշրջանի Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան համար ձեռք ձգած է Ֆատի Ասմարը իբրեւ մարզիչ: Ըստ երեւոյթին աւելի կանուխ սկսելով աւելի լաւ պատրաստութիւններ տեղի պիտի ունենան, եւ անոր հիման վրայ մարզիկներ պիտի ընտրուին բոլոր դիրքերուն վրայ, որպէսզի անցեալ տարեշրջանին նման վիրաւորներու պարագային խումբը տկար կէտ չունենայ:
Իր պաշտօնին վրայ մնացած է խումբի օգնական մարզիչ Գէորգ Բարսեղեան, որ կը մարզէ նաեւ Պուրճ Համուտի երիտասարդներու խումբը:
Նշենք, որ խումբի նախկին մարզիկներէն Հասան Սարհան (Տունկա) պիտի մնայ խումբին մէջ իբրեւ գումակային (լոճեսթիք) աշխատանքներուն օժանդակող: