2025 թուականի Եւրոպայի քարաթէի ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ 7-էն 11 մայիսին, ուր երկու հայ մարզիկներ վաստկեցան կարեւոր կէտեր` մասնակցելու աշխարհի ախոյեանութեան:
Հայաստանի ազգային քարաթէի հաւաքականը, ֆետերասիոնի նախագահ Վազգէն Յարութիւնեանի ղեկավարութեամբ, մեկնեցաւ Փարիզ` մասնակցելու 2025-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն: Հաւաքականի երկու մարզիկներ` Գոռ Ներսիսեան եւ Եուրա Չալեան, արդէն իսկ ապահոված են իրենց մասնակցութիւնը աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 27-էն 30 նոյեմբեր` Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէ մէջ:
Եուրա Չալեան կը մասնակցի մինչեւ 60 քկ կշիռի մրցումներուն, իսկ Գոռ Ներսիսեան` մինչեւ 84 քկ. կշիռի մրցումներուն:
Հաւաքականի միւս անդամները` Լենա Կիւլիւմեան, Անիթա Մակեան, Սուրէն Յարութիւնեան եւ Միխայիլ Մխիթարեան կը պայքարին աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելու իրաւունքին համար` զտումի մրցումներուն, որոնք ինչպէս նշեցինք, տեղի պիտի ունենան Փարիզի մէջ, այս շաբաթավերջին: