Հայ մարզիկ Ռաֆայէլ Կոստանեան պրոնզէ մետալ շահեցաւ 2025-ի կրեփլինկի աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ:
«Էմ. Էմ. Էյ.»-ին մաս կազմող «Կրեփլինկ» մարզաձեւի 62 քկ կշիռի պրոնզի մետալի մրցումին, Կոստանեան պարտութեան մատնեց Ղազախստանի ներկայացուցիչ Ատլան Ասույեւը:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչներ Մայիս Ներսիսեան (66 քկ) եւ Սուրէն Խուրդեան (84 քկ) պիտի մասնակցին «Ճի. Այ.» կարգի մրցումներուն: