Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հանդիպում ունեցած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէի հետ:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն, զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի հարուստ օրակարգի շարք մը հարցեր` վստահութիւն յայտնելով, որ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացումը նոր լիցք պիտի հաղորդէ երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ուղղութիւններով փոխադարձ գործակցութեան խորացման: Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ ռազմավարական գործընկերութեան հաստատումէն ետք իր այս առաջին այցելութիւնը եւ կայացած քննարկումները կը վկայեն երկու երկիրներու քաղաքացիներուն համար նոր շօշափելի արդիւնքներու հասնելու մտադրութեան մասին:
Ըստ աղբիւրին, Միրզոյեան եւ Քոպախիծէ քննարկած են շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստանի ջանքերը դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ` Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովման պարունակին մէջ շեշտելով Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման հարցին մէջ յառաջընթաց ապահովելու կարեւորութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ բազմակողմ հարթակներու մէջ համագործակցութեան ու փոխադարձ աջակցութեան, ինչպէս նաեւ շրջանային տնտեսական ու փոխադրական կապուղիներու ապաշրջափակման հարցերու:
Միրզոյեան. «Ազրպէյճանը
Նոր Խոչընդոտներ Կը Ստեղծէ»
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն զուգահեռ Երեւանը, ցաւօք սրտի, Պաքուի կողմէ կը տեսնէ այդ գործընթացը արհեստականօրէն ձգձգելու համար ստեղծուող նորանոր խոչընդոտներ:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին Միրզոյեան յայտարարած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլեա Տարչիաշվիլիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Արարատ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է վրացական կողմին Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցելու համար:
«Մենք շատ կարեւոր կը նկատենք սահմանազատման գործընթացի շարունակութիւնը` Ալմա Աթայի հռչակագիրի հիման վրայ: Զուգահեռ կ՛ընթանայ խաղաղութեան համաձայնագիրի պատրաստումը, Հայաստանը այստեղ եւս շատ կառուցողաբար տրամադրուած է: Հայաստանի առաջարկները եւ մօտեցումները թափանցիկ են», ընդգծած է նախարարը` յայտարարելով, որ Հայաստան իրատեսական կը նկատէ մէկ ամսուան ընթացքին եռանդուն աշխատանքի միջոցով աւարտել պատրաստումը եւ ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը Ազրպէյճանի հետ:
Միրզոյեան դարձեալ յայտնած է, որ այս առաջարկին շուրջ Հայաստանը Ազրպէյճանէն չէ ստացած դրական արձագանգ. «Հակառակը, մենք կը տեսնենք նոր, վստահաբար կրնամ ըսել արհեստական խոչընդոտներ գործընթացը երկարաձգելու համար, բայց մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ իսկապէս կայ պատմական կարելիութիւն շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու համար», ըսած է Միրզոյեան: