Պոսնիոյ եւ Հերցոկովենայի մէջ տեղի ունեցած պատանիներու բռնցքամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի անդամներ լաւ ելոյթներ ունեցան:
48 քկ կշիռի մրցումներուն, Սիմոն Սիմոնեան շատ տպաւորիչ ելոյթէ մը ետք հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց ազրպէյճանին Նիհատ Գասիմովի դէմ եւ շահեցաւ ոսկի մետալը:
48 քկ կշիռի մրցումներուն, Համեստ Աֆրիկեան յաղթեց Ճիորճիա Լա Ռոսային եւ շահեցաւ աղջկանց ոսկի մետալը:
Սամուէլ Սիրամարգեան իր ռուս մրցակիցը` Արսենի Սթոլինկովը պարտութեան մատնեց եւ շահեցաւ 75 քկ կշիռի Եւրոպայի ախոյանութեան ոսկի մետալը:
Արծաթէ մետալներ շահեցան Առնօ Տարջինեան (50 քկ), Տիգրան Յովսէփեան (54 քկ), Մարտին Սահակեան (60 քկ) եւ Արտեոմ Ստեփանեան (66 քկ):