Ռուսիոյ Եաքութաք քաղաքին մէջ սկսաւ «Ասիոյ երեխաներ» 8-րդ մարզական խաղերը:
Մրցումներու առաջին օրը յատկացուած էր ատրճանակի մարզաձեւի խաղերուն:
10 մեթր օդամղիչ ատրճանակի աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Էտիդա Մանուչարեան 535 կէտ հաւաքելով հասաւ աւարտական հանգրուան: Վերջին հանգրուանին ան 205,5 կէտ հաւաքելով բարձրացաւ փոտիում` գրաւելով 3-րդ դիրքը` շահելով պրոնզ մետալ:
Նոյն մրցումներու տղոց ճակատումներուն, Արմէն Գէորգեան 552 կէտ հաւաքելով հասած է աւարտական հանգրուան եւ աւարտականին գրաւած է 4-րդ դիրքը: