ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ
ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 29-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Կիրակի, 30 յունիս 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ պիտի կատարուի Ս. աթոռոյս հայրապետին`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ընտրութեան եւ օծման 29-րդ տարեդարձին առիթով
Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր` դպրեվանքի սաներուն կողմէ պատրաստուած, ուր հայրապետը պիտի ուղղէ իր պատգամը, եւ ապա` ընդունի շնորհաւորութիւններ:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի իրենց աղօթքներով մասնակից դառնան Ս. պատարագին եւ հայցեն Ամենակալէն, որ նորանոր իրագործումներով ու յաջողութիւններով լեցուն երկար գահակալութիւն պարգեւէ մեր սիրելի հայրապետին:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՍԸՐԼԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 30 յունիս 2024-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՀԱՍԿ»
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔ
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ
ԺԳ. ՏԱՐԻ
2011-2023
Հրատարակութիւն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան
Անթիլաս-Լիբանան
2024
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին եղած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները`
1 մայիսէն 27 յունիս 2024-ի ընթացքին.
– Բուժարանի գանձապահ Անդրանիկ Տէմիրճեանի մօր մահուան առիթով եղած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
– Տիկին Շողիկ Թերզեան-Իտ 100$
– Ֆաթմէ Մուսա 10$
– Հայ ազգային բուժարանի Պուրճ Համուտի գրասենեակի պաշտօնէութիւն 20$
– Սարին Քէչէպաշեան 300$
– Ազգային մը 230$
– ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղ 100$
– Ազգային մը 41$ եւ 2.800.000 լ. ո.
– Բուժարանի նախկին տնօրէն պրն. Տիգրան Պոյաճեան 24 քիլօ միս եւ անուշեղէն
– Պրն. Պարոյր Սարգիսեան 8 սնտուկ կանաչ ֆուլ
– Տիկին Ալիս Խանճեան 35 հատ Այնճարի հաց
– Տիկին Սիլվա Պէրպէրեան 100 հատ հաց եւ 100 հատ օշարակ
– Տիկին Սեւան Շէքէրճեան 1 մորթուած ոչխար
Կանխայայտ շնորհակալութիւն
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ`
ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը, Տորայի շրջանին մէջ, կարիք ունի հաշուապահի մը: Դիմել` հեռ. 03-164767 թիւին:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Տղամարդու հագուստի վաճառատուն մը կարիքը ունի երիտասարդ պաշտօնեայի մը` 25-էն 40 տարեկան: Դիմել` հեռ. 76-506463:
—————————————
ԼՕԽ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 23 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2024

