Լիբանանի ֆութպոլի Լեռնալիբանանի երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն գծով ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Տապըլ Քիքի դէմ, վաղը ժամը 14:00-ին, Պհամտունի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ առաջին մրցումին 8-1 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրած էր Նըժմեթ Սահրայի դէմ, պիտի փորձէ կրկնել այդ յաղթանակը` ձեռք ձգելով 3 կէտ եւս: Այդ օրուան 8 կոլերը նշանակած էին Սերժ Ղալիունճեան (2), Արամ Ճեմեզեան (2), Յովիկ Տիշչեքենեան (2), Փոլ Քաճոյեան եւ Քարլոս Թոմաս: Ասիկա ըսել է, որ 5 տարբեր մարզիկներ կոլ նշանակելու կարողութիւն ունին, եւ խումբը 1 կոլ-սքորըրի վրայ կեդրոնացած կամ անոր հետ կապուած չէ: Խմբային խաղով որեւէ մրցակիցի կրնայ որեւէ խումբ պարտութեան մատնել:
Կը սպասուի, որ համակիրները ներկայ ըլլան դաշտ` քաջալերելու ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երիտասարդ խումբը:


