Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրօ 2024. Այսօր Կը Սկսի Բ. Հանգրուանը

June 29, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր ժամը 19:00-ին, Պերլինի ողիմպիական դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Եուրօ 2024-ի Բ. հանգրուանի բացման մրցումը` 2020-ի ախոյեան Իտալիոյ եւ Զուիցերիոյ միջեւ:

Իտալիա, որ բացման մրցումին 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Ալպանիան, ապա պարտութիւն մը կրած Սպանիայէն եւ հաւասարութիւն ձեռք ձգած Խրուաթիոյ հետ (98-րդ վայրկեանին), կրնայ դժուարութիւն ունենալ Զուիցերիոյ դէմ, մանաւանդ որ կեդրոնի պաշտպան Ռիքարտօ Քալաֆիորի 2 դեղին քարտեր ստացած է Ա. հանգրուանին եւ պատժուած է այսօրուան մրցումին: Իտալիոյ խումբէն կրնայ բացակայիլ նաեւ Ֆետերիքօ Տիմարքօ, որ թեթեւօրէն վիրաւոր է:

Զուիցերիա, որ Եուրոյի բացման մրցումին 3-1 արդիւնքով մեծ յաղթանակ արձանագրեց Հունգարիոյ վրայ, ապա հաւասարութիւններ արձանագրեց Սկովտիոյ (1-1) եւ Գերմանիոյ հետ (1-1), իր կարգին բացակայ ունի: Արդարեւ, Մայնցի պաշտպան Սիլվան Վիտմեր 2 դեղին քարտ ունի եւ պիտի բացակայի:

Ժամը 22:00-ին, Տորթմունտի մէջ, Գերմանիա պիտի մրցի Դանիոյ հետ:

Եոնաթան Թահ (Գերմանիա) եւ Մորթըն Հիուլմանտ (Դանիա) պիտի բացակային այս մրցումէն երկուքական դեղին քարտեր ստացած ըլլալուն պատճառով: Անթոնիօ Ռուտիկըր, որ մկանի պատռուածք ունէր, երէկ փորձերու մասնակցեցաւ, եւ հաւանական է, որ խաղայ այսօրուան մրցումին:

Հետաքրքրական մրցում կը սպասուի այս գիշեր, ուր հիւրընկալ Գերմանիա, բացման մրցումին 5-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սկովտիոյ, 2-0 արդիւնքով համոզիչ յաղթանակ մը արձանագրած էր Հունգարիոյ դէմ:

Խմբակի իր 3-րդ մրցումին, Զուիցերիոյ կազմակերպած խումբին դէմ, Գերմանիա պէտք ունեցաւ համակիրներու քաջալերանքին եւ բաւական ճնշելէ ետք կրցաւ հաւասարիլ 92-րդ վայրկեանին (1-1):

Դանիա, որ Գ. խմբակին մաս կը կազմէր, հաւասարութեամբ աւարտած էր Սլովենիոյ (1-1), Անգլիոյ (1-1) եւ Սերպիոյ (0-0) դէմ մրցումները: Այսօր հաւասարութեան պարագային պիտի դիմուի փենալթիներու` վճռելու քառորդ աւարտականի հասնող կազմը:

Վաղը ժամը 19:00-ին Անգլիա պիտի մրցի Սլովաքիոյ դէմ, իսկ ժամը 22:00-ին Սպանիա պիտի մրցի Վրաստանի դէմ:

Նախորդը

Ճատրակ. Հայաստանի Խումբը 18-էն Վար Եւրոպայի Փոխախոյեան

Յաջորդը

Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Տապըլ Քիք

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.