Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոփա Ամերիքա. Ուրուկուէյ Եւ Միացեալ Նահանգներ Յաղթանակներով Սկսան

June 25, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մաքսամիլիանօ Արաուխօ, Տարուին Նունիես եւ Մաթիաս Վինիա նշանակեցին Ուրուկուէյի 3 կոլերը, որոնք Գ. խմբակի առաջին մրցումին պարտութեան մատնեցին Փանաման, Ֆլորիտայի մէջ:

Ուրուկուէյ գրաւեց Գ. խմբակին առաջին դիրքը, Միացեալ Նահանգներու հետ միասին, որ իր կարգին յաղթանակով սկսաւ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Պոլիվիան:

Մարսելօ Պիելսայի մարզած Ուրուկուէյը, որ Արժաթինի նման 15 անգամ Քոփա Ամերիքան շահած է (մրցանիշ), շատ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը, եւ 16-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ նշանակեց շնորհիւ Արաուխոյի հարաւային մեծ քառակուսիին ծայրէն:

Փանամա հետզհետէ մտաւ մրցումի մթնոլորտին մէջ, եւ կիսախաղէն ետք կրցաւ վտանգել Ուրուկուէյի բերդը: Երբ մարզիչ Թոմաս Քրիսթիանսընին հարցուեցաւ, թէ ի՞նչ փոխուեցաւ կիսախաղէն ետք, ան ըսաւ. «Իրենց պարզապէս ըսի, թէ անվախ ըլլան: Պէտք է ինքնավստահ ըլլան: Այդ պատճառով ալ կրցան Բ. կիսախաղին շատ աւելի լաւ խաղալ, եւ կոլ նշանակելէ անկախ ալ Ուրուկուէյի նման առիթներ ստեղծեցինք»:

Ուրուկուէյ Բ. կիսախաղին մեծ մասամբ յարձակումներու ենթարկուեցաւ, բայց Նունիես, որ Լիվըրփուլի հետ ալ մեծ թիւով առիթներ կը կորսնցնէր, քանի առիթ կորսնցնելէ ետք կրցաւ 85-րդ վայրկեանին վոլէով մը նշանակել գեղեցիկ կոլ մը: Յաւելեալ վայրկեաններուն, Վինիա ազատ հարուածէ մը ետք շատ բարձր ցատկեց` գլխու հարուածով նշանակելով Ուրուկուէյի 3-րդ կոլը:

Փանմա կոլ մը կրցաւ նշանակել Մայքըլ Մուրիյոյի շնորհիւ` ձախ ոտքի զօրաւոր հարուածով մը:

Նշենք, որ Ուրուկուէյի կոլ-սքորըր Լուիս Սուարես (37 տարեկան) պահեստի աթոռներուն վրայ էր եւ չմասնակցեցաւ:

Ուրուկուէյ այժմ պիտի մրցի Պոլիվիոյ դէմ, մինչ Փանամա պիտի մրցի Միացեալ Նահանգներու դէմ:

Քրիսթիան Փուլիսիչ 3-րդ վայրկեանէն կոլ մը նշանակեց ի նպաստ հիւրընկալ Միացեալ Նահանգներու, Պոլիվիոյ դէմ մրցումին:

Ֆոլարին Պալուկիւն Բ. կիսախաղէն առաջ աւելցուց 2-րդ կոլը, մինչ Բ. կիսախաղին ալ ճնշեց, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ:

«Նպատակը առաջին մրցումին անպայման յաղթելն է», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու մարզիչ Կրեկ Պերհալթըր: «Խօսեցանք մեր կարողութիւնները լաւացնելու, եւ յաջորդող մրցումներուն յաւելեալ բարելաւելով մեր ելոյթները, եւ կը կարծեմ բաւական լաւ էինք սկսելու համար»:

Պալուկիւն 20 երկվայրկեանին ոսկի առիթ մը կորսնցուց, սակայն 3-րդ վայրկեանին Փուլիսիչի սխանչելի կոլը քառակուսիի ծայրէն մոռցուց այդ առիթը: Փուլիսիչ իր 30-րդ կոլը նշանակեց 69 մրցումներու ընթացքին, ազգային խումբի շապիկով, եւ իր առաջին կոլն ալ (ազգային խումբին հետ) Պոլիվիոյ դէմ էր (մայիս 2016-ին):

Նախորդը

Ոսկի Գնդակի Հաւանական Թեկնածուները

Յաջորդը

Եուրօ 2024. Ա. Խմբակը Վճռուեցաւ 92-րդ Վայրկեանէն Ետք. Այսօր` Դանիա – Սերպիա

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.