Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրօ 2024. Ա. Խմբակը Վճռուեցաւ 92-րդ Վայրկեանէն Ետք. Այսօր` Դանիա – Սերպիա

Յունիս 25, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի գիշեր տեղի ունեցան Ա. խմբակի 3-րդ եւ վճռական վերջին երկու ճակատումները, որոնք վճռուեցան 92 վայրկեաններէն ետք:

Արդարեւ, խմբակի առաջին դիրքը գրաւող Գերմանիա, որ իր առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակներ արձանագրած էր, Զուիցերիոյ դէմ մրցումին բաւական դժուարութիւն ունեցաւ լաւ թաքթիքով օժտուած մրցակիցի դէմ:

Մրցումը սկսաւ Գերմանիոյ արագ յարձակումներով, եւ 17-րդ վայրկեանին Ռոպերթ Անտրիշ կոլ մըն ալ նշանակեց հեռուէն զօրաւոր հարուածով, սակայն օրուան իրաւարարը զայն ջնջեց` ստուգելէ ետք, թէ Մուսեալա յետսապահի մը զարնուելով իբրեւ թէ ֆաուլ մը կատարած է անոր վրայ:

Այս կէտը քիչ մը «ցնցեց» գերմանացիներուն յառաջխաղացքը եւ յաւելեալ ուժ տուաւ զուիցերիացիներուն, որոնք 28-րդ վայրկեանին կրցան կոլ մը նշանակել «զուտ իտալական» ոճով: Արդարեւ, իտալական Պոլոնիա խումբի մարզիկ Ռեմօ Ֆրիւլըր ձախ կողմէն փոխանցում մը կատարեց դէպի կեդրոն դարձեալ նոյն խումբէն Տեն Էնտոյի, որ կրցած էր փախչիլ Եոնաթան Թահի «հսկողութենէն». Էնտօ կրցաւ արագ ձեւով օդէն եկած գնդակը շարունակել Մանուէլ Նոյըրի բերդին մէջ:

Այս կոլէն 10 վայրկեան ետք Թահ ստացաւ իր 2-րդ դեղին քարտը (մրցաշարքի) եւ պիտի բացակայի Բ. հանգրուանի Գերմանիոյ մրցումէն:

Պէտք է ըսել, որ Գերմանիա բազմիցս փորձեց հասնիլ Զուիցերիոյ բերդը, սակայն Աքանճի-Շար զոյգը շատ արթուն էր եւ կը զսպէր բոլոր յարձակումները:

Մինչեւ կիսախաղ Զուիցերիա 2 անգամ վտանգած էր Գերմանիոյ բերդը, մինչ Գերմանիա 7 անգամ վտանգած էր Զուիցերիոյ բերդը:

Բ. կիսախաղին, Գերմանիոյ յարձակումները աւելի լրջացան, բայց առաջին երկու մրցումներուն նման արագ փոխանցումներ չկային, հաւանաբար մրցակիցի պաշտպանողական ճնշուած խաղին պատճառով:

Բերդին վրայ լուրջ վտանգ ստեղծեց Ժամալ Մուսիալա 51-րդ վայրկեանին, սակայն Զուիցերիոյ բերդապահ Եան Սոմեր կրցաւ զսպել իր նախկին խմբակիցին (Պայէրն Միւնիխի հետ) հարուածը, մինչ Կիւնտողանի երկրորդ հարուածը դուրս ուղղուեցաւ:

61-րդ վայրկեանին Գերմանիոյ մարզիչ Եուլիան Նակըլզման փոխարինեց Եոնաթան Թահը Տորթմունտի մարզիկ Նիքօ Շլոթերպաքով, որպէսզի յաջորդ մրցումին համար պատրաստուի մրցաշարքի մթնոլորտին մէջ մտնելով: Դաշտ ներկայացաւ նաեւ ձախ պաշտպան Տաւիտ Ռաում, որ փոխարինեց Մաքսիմիլիան Միթըլշթատը: Միթըլշթատ շատ ֆաուլի ենթարկուեցաւ այս մրցումին:

71-րդ վայրկեանին իրաւարարը ընդհատեց մրցումը, երբ ՎԱՐ-էն ստուգեցին գերմանացի մարզիկի մը ինկած ձեւը, բայց վճիռ տուին, թէ փենալթի չկայ:

Մինչ այդ, դաշտ ներկայացած էր Հոֆենհայմի 21 տարեկան յառաջապահ Մաքսիմիլիան Պայեր` փոխարինելով Պայեր Լեւերքուզընի միջնապահ Անտրիշը:

76-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացան նաեւ Լիրոյ Սանէ եւ Նիքլաս Ֆիւլքրուկ` յաջորդաբար փոխարինելով Ֆլորիան Վերցն ու Ժամալ Մուսիալան:

84-րդ վայրկեանին Զուիցերիա նշանակեց իր 2-րդ կոլը, սակայն ծայրի իրաւարարը օֆսայտի դրօշը բարձրացուց Ռուպեն Վարկասի կոլը ջնջելով:

Վայրկեան մը ետք, քոռնըրէ մը գնդակը հասաւ Քայ Հավերցի, որուն գլխու հարուածը քիչ մը բարձր գնաց եւ բերդի ձողին դպնալով դուրս ուղղուեցաւ:

88-րդ վայրկեանին, Գերմանիոյ բերդապահ Մանուէլ Նոյըր վարպետութեամբ զսպեց Կրանիթ Չաքայի ռմբային հարուածը դէպի քոռնըր:

Մրցումը 90-րդ վայրկեանին հասած էր, երբ 4-րդ իրաւարարը որոշեց 4 յաւելեալ վայրկեաններ:

92-րդ վայրկեանը սկսած էր, երբ Թոնի Քրուս սկսաւ յարձակում մը` փոխանցումներ փոխանակելով Կիւնտողանի հետ դէպի ձախ` Տաւիտ Ռաումի, որ յառաջանալէ ետք գեղեցիկ փոխանցում մը կատարեց կեդրոն, ուրկէ Նիքլաս Ֆիւլքրուկ գլխու հարուածով հեռու անկիւնէն նշանակեց Գերմանիոյ հաւասարութեան կոլը, որուն շնորհիւ Գերմանիա վերագրաւեց խմբակի պարագլուխի դիրքը:

Այս կոլը Ֆիւլքրուկի 13-րդ կոլն էր իր 19-րդ ելոյթին` Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ:

Միւս կողմէ, Սկովտիա – Հունգարիա մրցումը տեղի կ՛ունենար Շթութկարթի դաշտին վրայ, եւ Սկովտիա, որ 1 կէտ ունէր եւ յոյս` հասնելու Բ. հանգրուան դիմադրելէ ետք, լսելէ ետք, որ Զուիցերիա կոլ նշանակած է Գերմանիոյ դէմ, փորձեց ճնշել, սակայն ոչ մէկ ձեւով կրցաւ վտանգել բերդապահ Կոչաչիի բերդը:

Հունգարիա իր կարգին լաւ մրցում չունեցաւ, բայց Լիվըրփուլի Տոմինիք Սոպոսլայ-Ռոլանտ Սալայ (Ֆրայպուրկ) զոյգը կրցաւ վտանգել Սկովտիոյ բերդը:

Մրցումէն առաջ Լիվըրփուլի խմբակիցներ Սոպոսլայ եւ Անտրու Ռոպերթըն (Սկովտիա) իբրեւ խմբապետներ իրարու հետ ձեռնուեցան, բայց մրցումը այդքան ալ հանդարտ չէր. 5 հունգարացի մարզիկներ դեղին քարտեր ստացան, մինչ Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիկ Սքոթ Մաքթոմինէյ, որ Զուիցերիոյ դէմ ալ դեղին քարտ ստացած էր, իր կարգին դեղին քարտ ստացաւ:

79-րդ վայրկեանին Սթիուըրթ Արմսթրոնկ գետին ինկաւ Հունգարիոյ մեծ քառակուսիին մէջ, սակայն իրաւարարը ժամանակ չկորսնցուց ՎԱՐ-ին նայելու իսկ: 90-րդ վայրկեանին 4-րդ իրաւարարը 10 յաւելեալ վայրկեաններ տուաւ, երբ 10-րդ վայրկեանին Սալայի լաւ խաղարկութենէն ետք գնդակը հասաւ Քեւին Շոպոթի, որ զօրաւոր հարուածով մը նշանակեց յոյսի կոլը Անկուս Կանի բերդին մէջ: Հունգարիա 3 կէտ ունեցաւ այս յաղթանակով եւ պիտի սպասէ բոլոր խմբակներու մրցումներուն աւարտին` գիտնալու իր վճիռը, եթէ ան Գ. դիրքը գրաւող խումբերուն լաւագոյն 4-ին` մէ՞ջ է, թէ՞ ոչ: Նշենք, որ 6 խմբակներու առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերուն կողքին, Բ. հանգրուան պիտի հասնին 4 լաւագոյն Գ. դիրքը գրաւող խումբեր` ամբողջացնելու Բ. հանգրուանի 16 խումբերու թիւը:

Այսօր տեղի կ՛ունենան Գ. եւ Դ. խմբակներու 3-րդ եւ վերջին մրցումները:

Ժամը 19:00-ին, Նետերլանտներու խումբը պիտի փորձէ յաղթել Աւստրիոյ` մնալու համար պարագլուխի դիրքին վրայ, մինչ Ֆրանսա ամէն գնով պիտի փորձէ գրաւել առաջին դիրքը, նաեւ յաղթելով Լեհաստանի, ապա յուսալով, որ գերազանցէ Նետերլանտները, մինչեւ աւարտական չհանդիպելու համար հիւրընկալ Գերմանիոյ կամ Սպանիոյ:

Ժամը 22:00-ին, Գ. խմբակի գծով վերջին մրցումներուն, Դանիա պիտի մրցի Սերպիոյ դէմ, մինչ Անգլիա պիտի մրցի Սլովենիոյ դէմ: Դանիա, որ երկու հաւասարութիւններ արձանագրեց Սլովենիոյ եւ Անգլիոյ հետ, շատ լաւ խումբ ունի եւ պայքարի բարձր ոգի, սակայն բախտի պակաս ունի: Սերպիա իր կարգին բաւական անբախտ էր իր նախորդ երկու մրցումներուն եւ պիտի փորձէ աւելի վեր բարձրանալ` յուսալով Բ. հանգրուանի տոմս մը ապահովել:

Անգլիա, որ մրցաշարքէն առաջ գլխաւոր թեկնածուներէն մէկն էր Եուրոն շահելու, տարիներէ ի վեր նոյն բանէն կը տառապի:

Անգլիացի մարզիկները կարծէք իրենց առաւելագոյնը կու տան իրենց ակումբներուն հետ, սակայն ազգային խումբին հետ նոյնքան արդիւնաէտ չեն ըլլար կա՛մ յոգնութեան պատճառով, կա՛մ ալ անտարբերութեան:

Նշենք, որ եուրոյէն առաջ Անգլիա, Փորթուգալ եւ Ֆրանսա գլխաւոր թեկնածուներն էին Եուրոն շահելու, սակայն դաշտի վրայ Սպանիոյ կողմին միայն Փորթուգալն է, որ մինչեւ օրս տպաւորեց:

Նախորդը

Քոփա Ամերիքա. Ուրուկուէյ Եւ Միացեալ Նահանգներ Յաղթանակներով Սկսան

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Ազգային Խումբը Յայտարարեց Կազմը Առանց Արաքժիի

RelatedPosts

Նշմար.  Ժամանակ, Նուիրում Եւ… Արդիւնք
Մարզական

Նշմար. Ժամանակ, Նուիրում Եւ… Արդիւնք

Մայիս 12, 2025
Հեծելարշաւի Մրցում`  Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին
Մարզական

Հեծելարշաւի Մրցում` Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

Մայիս 12, 2025
Պասքեթպոլ.  Այսօր ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պէտք Է Յաղթէ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պէտք Է Յաղթէ

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?