Փարիզ 2024 Ողիմպիական խաղերու ենթակոմիտէն լաւ ձեւով կ՛օգտագործէ Փարիզի առկայ կառոյցները, այս պարագային կամուրջները:
Թրոքատիրօ կամուրջը Սեն գետին վրայ գտնուող կամուրջ մըն է, որ կառուցուած է 1808-էն 1814 թուականին: Այդ կամուրջը կ՛երկարի 155 մեթրի վրայ, իսկ լայնքը 35 մեթր է:
Կամուրջին հակառակ կողմը Էյֆելի աշտարակն է, եւ յստակ է, որ Ողիմպիական խաղերու ընթացքին ամէնէն հետաքրքրական իրադարձութիւնները տեղի պիտի ունենան այդ կամուրջին շուրջ:
Ամառնային համաշխարհային 33-րդ մարզահանդէսի բացման արարողութեան ժամանակ, պատուիրակութիւններու անդամները պիտի քալեն այդ կամուրջին քովէն: Յարակից տարածքին վրայ կը մրցին մարաթոնի վազքի, մարզական խաղերու, հեծելարշաւի, եռամարտի (Թրիաթլոն) եւ ազատ լողի մասնակիցները:
Համապատասխան հատուածներուն վրայ պիտի տեղադրուին շարժական թրիւպիւններ 3 հազարէն 13 հազար համակիրներու համար:
Այս կամուրջը կը գտնուի Ողիմպիական գիւղէն մօտ 12 քմ հեռաւորութեան վրայ: