Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն Ալիեւի Հետ Քննարկած Է Հայաստան Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը

June 22, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 20 յունիսին հեռաձայնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, Պլինքըն շեշտած է խաղաղութեան համաձայնագիրի ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի շարունակական յառաջընթացը եւ ընդգծած անյապաղ համաձայնագիրի կնքման կարեւորութիւնը` վերահաստատելով այդ ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը:

Ազրպէյճանի նախագահի գրասենեակը իր կարգին հաղորդած է, որ խաղաղութեան օրակարգը յառաջ մղելու տեսանկիւնէն Ալիեւ ընդգծած է «Հայաստանի մէջ Սահմանադրութեան, համապատասխան օրէնքներու եւ ներքին չափորոշ իրաւական հռչակագիրներու հիման վրայ Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներուն վերջ տալու կարեւորութիւնը»:

Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ Պլինքընին ըսած է. «Ժամանակն է պաշտօնապէս դադրեցնելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եւ ատոր առնչուող բոլոր կառոյցներու գործունէութիւնը, որպէսզի ամբողջութեամբ փակուի անցեալի մնացորդ տագնապի էջը»:

Պլինքըն Ալիեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտած է Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը` ընդգծելով Ազրպէյճանի հետ կառուցողական համագործակցութիւնը կլիմայական եւ ուժանիւթային նպատակներու շուրջ:

Պլինքըն նաեւ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները յանձնառու են ՔՈՓ29-ի յաջողութեան հարցին մէջ օգնելու Պաքուին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Պաքու-Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները ամրացնելու եւ նորացնելու կոչ ուղղած է, ինչպէս նաեւ յորդորած է Ազրպէյճանին հաւատարիմ մնալ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ անյապաղ ազատ արձակել բոլոր անարդարացիօրէն ձերբակալուածները:

Պլինքըն Ալիեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր նաեւ ապրիլի վերջաւորութեան: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ըսած էր, որ սահմանազատման հոլովոյթէն ետք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին սահմանագծման աշխատանքներու սկիզբը դրական քայլ է: Ան նշած էր, որ Պաքուն կ՛աջակցի շրջանային համագործակցութեան համարկուած հարաւկովկասեան բնորդի կառուցման` առանց բաժանարար գիծերու: Պլինքըն նոյն օրը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Նախորդը

Հայաստանը Մոսկուայի Մէջ ԱՊՀ-ի Տնտեսական Խորհուրդի Նիստին Բարձր Մակարդակով Պատուիրակութիւն Չէ Ուղարկած

Յաջորդը

Պաքու Երեւանին Յանձնած Է 2 Զինուորական Ծառայողի Դիակ-Մասունքներ

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.