Ազրպէյճանական կողմը երէկ հայկական կողմին յանձնած է ենթադրաբար 2022 թուականի սեպտեմբերեան երկօրեայ մարտական գործողութիւններու ժամանակ զոհուած 2 հայ զինուորական ծառայողներու դիակ-մասունքներ, այս մասին կը տեղեկացնէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը:
13 սեպտեմբեր 2022-ին ազրպէյճանական բանակը երեք ուղղութիւններով ներխուժեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածք` բռնագրաւելով Սիւնիքի, Գեղարքունիքի եւ Վայոց ձորի մարզերու շարք մը հատուածներ: Հայկական կողմը 224 զոհ ունեցաւ, Ազրպէյճանը, իր կարգին, հաղորդած էր իր կողմէ 80 սպաննուածի մասին: Մարտերէն ետք Պաքուն հայկական կողմին վերադարձուց 156 զինուորական ծառայողի մարմին: